«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կ՛անդրադառնանք Սփիւռքի մէջ վաղուց մոռցուած, բայց վերջին շրջանին իր տգեղ գլուխը դարձեալ դուրս ցցած երեւոյթի մը: Կարելի էր այս հարցին ընդհանրապէս չանդրադառնալ, հաւատալով, որ փոքրաթիւ է այս ցաւագին վարքագիծը կրողներու խումբը, սակայն թէ՛ հասարակական ցանցերու ընձեռած հնարաւորութիւնները եւ թէ, որոշ չափով, հայաստանեան քաղաքական, նոյնիսկ իշխանական շրջանակներու անուղղակի քաջալերանքը կամ հովանաւորութիւնը, թոյլ չեն տար, որ անպատասխան մնան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ արձակուած թունաւոր արտայայտութիւնները:
Չենք ուզեր, անշուշտ, հակաճառութիւններով առաւել եւս լարել մթնոլորտը: Այսուհանդերձ, կ՛ուզենք հարց տալ այս արշաւի «հերոսներուն» եւ անոնց հովանաւորներուն ու կեդրոնանանք միայն մեր շրջանի՝ Արեւմտեան Ամերիկայի իրականութեան. յանկարծ եթէ իրենց թոյնը իսկապէս մահացու եղաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղական կառոյցներուն, անոր համակիր կազմակերպութիւններուն ու անոնց գործունէութիւնը դադրեցաւ, ի՞նչ շահ կ՛ունենայ անկէ մեր համայնքը, մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը: Խումբ մը, որ համայնքի կազմակերպական աշխատանքներուն դոյզն իսկ ներդրում չէ ունեցած, խումբ մը, որ Հայաստանի պետականութեան, Արցախի հզօրացման համար շօշափելի որեւէ վաստակ չէ ապահոված, զօրակցական ցոյցի մը մասնակցութեան կամ կազմակերպման վկայագիրով կ՛ուզէ ինքնիրեն իրաւունք տալ պղտոր մթնոլորտ ստեղծելու համայնքին մէջ, բացասական զգայնութիւններ տարածելով չորսդին:
Մահացու հարուածի յոյս անշուշտ որեւէ խումբ չի կրնար ունենալ: Բայց այս օրերուն, երբ պէտք է առաւելագոյն համախմբման բարիքներու մասին մտածել, ուժերու մսխումի, պառակտումի միտող արարքներով խառնակութիւն ստեղծելու փորձը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ, մանաւանդ այստեղ՝ Սփիւռքի մէջ, ուր ամէն օր մեր չորսդին կը նկատենք մաշող, այլասերող ազդակներու իսկապէս մահացու հարուածները՝ մեր զաւակներու հայապահպանման, զանոնք Հայաստանին ու հայութեան կապելու ճիգերուն:
Այստեղ եւ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, մեր մրցակցութիւնը միայն կրնայ արժեւորուիլ Հայաստանին աւելի ծառայելով, աւելի մեծ ու պատասխանատու յանձառութիւններ ստանձնելով մեր պետականութեան ամրապնդման համար:
Մնացեալը՝ մոռցէք:
Իրենց հեռուստաժամով՝ այդ «հերոսներ»ը քանի մը անգամ արդէն պարզած են իրենց «փորացաւ»ը: «Հայութեան համար Դաշնակցութիւնը պետական կրանթներ է ստանում միլիոններով, բայց ժողովրդին չի տալիս էդ փողերից»:
Եթէ այդ մէկ-երկու հեռուստաժամերուն քանի մը բացառապէս Դաշնակցական հովանաւորներ ըլլան, «խառնակութիւն»ը իրականացուցած կ՛ըլլայ իր նպատակը ու «տգեղ գլուխը» թոյն արձակելէ կը դադրի …:
Չի մորնանք որ «բարի նպատակով» դաշնակցութիւնը քննադատողներուն մէջն ալ դաշնակցականներ կան, որ չես գիտեր ինչ հաշիւով մոռցած են որ իրենց կուսակցութեանը ուժը իր կարգապահութեան մէջն է: Մոռցած են, որ եթէ ատ կարգապահութիւնը չի ըլլար, ֆետայիները կը պարտուէին. թող մէկը չըսէ, որ հիմա ֆետայիներուն ժամանակը անցած է. կարեւորը զկզբունքն է, չէ’՞
Patsarig ngadoghutyoon yev nshoom e.
Khorke berbedele hedakerkeragan artunkner gerna dal, ays vartsgan moonedigneroo masin.
Vesdah badahagan yelooytner chem.
Aradse gese “ shoone ge hatche, garavane ge kale “.
Garavanin antamnere baragdeloo hamar en ays polore.
Mnatsadse tchi sharoonagem.
Եթէ քննադատողներուն նպատակը հստակ չէ աս եղածներէն ետքը, չեմ գիտեր, որ ինչ պէտք է ընեն որ մեր աչքերը բացուին: Նպատակը դաշնակցութիւնը հայութեան կեանքէն դուրս նետել է, ինչպէս ըրի պորշովկները: Եթէ քիչ մը պատմութիւնը կարդանք, շատ հստակ կը տեսնենք ամմէն բան: Պէտք է հստակ ըսենք, որ դաշնակցութիւնը դուրս չի դրուիր Հայաստանի եւ հայութեան կեանքէն, որովհետեւ ատանկ բան մը կը նշանակէ հայութիւնը զրկել իր ազգային չիղէն. հայ ժողովուրդը չի կրնար ասանկ բան մը ընդունիլ: Լեւոն ՏՊ փորձեց եւ չիյաջողեցաւ: Այսօր, վաղը փորձողն ալ չպիտի յաջողի: Կարծեմ գրողին ըսելիքը ասի է: