ՊԱՔՈՒ, «Արմէնիա.ազ».- Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցիչ Շթեֆան Զայպեր Օգոստոս 21ին յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապին կարգաւորման կարելիութիւնները եւս պիտի քննարկուին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այս շաբաթ Հարաւային Կովկաս կատարելիք այցելութեան ընթացքին:
Ըստ Զայպերի՝ Գերմանիա եւ Եւրոմիութեան անդամ իր գործընկերները կ՛աջակցին Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու համար սկսած բանակցային գործընթացին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կողմերուն կոչեր կը կատարեն դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի նպաստեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 23-25ին Մերքել Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի այցելէ։