ՊՈԼԻՍ.- «Պօ-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ «Հայ լեզուի եւ մշակութային ամառնային խտացեալ դասընթացքը» որ կը կազմակերպուի ընկերակցութեան հովանիին տակ, մրցանակի արժանացած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։
Տեղեկացնելով այս մասին՝ ընկերակցութիւնը նաեւ հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն հիմնարկներուն, հաստատութիւններուն եւ անձերուն, որոնք 2018ին նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ կը զօրակցին ընկերակցութեան։
«Հաճոյքով կը կարդանք թէ այդ անձերուն եւ հաստատութիւններուն միջեւ կը գտնուին նաեւ մեր համայնքէն տէր եւ տիկին Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը, նաեւ նախկին պոլսահայեր Նշան ու Մարգրիտ Աթընըզեանները», կը գրէ «Մարմարան»ն։