ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը 100 օրերու գործունէութեան ընթացքին լուծած է հիմնական այն հարցը, որ կը նպատակադրէ ապահովել յետ-յեղափոխական շրջանին երկրին բնականոն գործունէութիւնը եւ տնտեսութեան բնականոն զարգացումը. այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Փաշինեան:
«Իմ կարծիքով՝ 100 օրերու ժամանակաշրջանէն ետք, մենք կը թեւակոխենք նոր փուլ, որուն հիմնական իմաստը բարեփոխումներու կենսաւորումն է, որպէսզի մեր երկրին եւ անոր տնտեսութեան համար նոր շունչ ստեղծուի, արագ ընթանայ, որպէսզի կարենանք նաեւ պիւտճէի քննարկումներու շրջագիծին մէջ, ապահով հեռանկարներ եւ արդիւնքներ արձանագրել: Յույս ունիմ, որ այս 100 օրերուն ընթացքին, որուն արդիւնքները կ՛ամփոփուին վաղը՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին ընթացքին, կուտակուած բովանդակութիւնը եւ ներուժը մեզի կարելիութիւն կու տան, որ մենք նոր թափով իրագործենք եւ հետամուտ ըլլանք լուծման այն հարցերուն, զորս Հայաստանի քաղաքացիները դրած են մեր առջեւ», ըսաւ վարչապետը:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կասկած չկայ, որ կառավարութիւնը այդ հարցերը կը լուծէ արդիւնաւէտ կերպով՝ աւելցնելով. «Հայ ժողովուրդի յաղթանակը անխուսափելի է»։