ԵՐԵՒԱՆ «Փանորամա».- Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունենայ ֆարանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17րդ գագաթնաժողովը, որուն միջոցառումներու իրականացման նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը արտաքին գործող նախարարութեան պիտի յատկացնէ 120 միլիոն դրամ:
7-12 Հոկտեմբեր 2018ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանող բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու կեցութեան նպատակով 6-13 Հոկտեմբեր ժամանակաշրջանին համար ամրագրուած են շուրջ 40 հիւրանոցներու մէջ գոյութիւն ունեցող առաւել քան 1300 սենեակներ: Կառավարութեան յատկացումը պիտի օգտագործուի իբրեւ սենեակներու ամրագրման երաշխիք: Հիւրերը իրենք պիտի կատարեն վերջնական վճարումները: