ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անգլիական հեղինակաւոր «Կարտիըն» թերթը անդրադարձաւ տոլարի հարցով ծնունդ առած տնտեսական տագնապին, նշելով որ իրավիճակը բաւական մտահոգիչ է եւ զարգացումները կրնան ազդել ամբողջ աշխարհի վրայ։
Լրատուութեան հեղինակն է Լերի Էլիըթ, որ կը նշէ, թէ այս հարցերուն լուծման համար Թուրքիոյ կառավարութիւնը ժամանակ ու այլընտրանք չունի, ուստի մեծ է հաւանականութիւնը, որ յառաջիկային ելեւմտական բոլոր շուկաներուն մէջ զգալի կը դառնան այս գործընթացի ժխտական ազդեցութիւնները։
Յօդուածին հեղինակը կը յիշեցնէ, որ 2008ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը Ամերիկայի ու Եւրոպայի դրամատուները հարուածելէ առաջ, սկիզբ առած էր այլ երկիրներու մէջ։ Ըստ Էլիըթի, Մեքսիքայէն մինչեւ Ինտոնեզիա, Պրազիլէն մինչեւ Արժանթին, ելեւմտական շուկաներու մէջ պարբերաբար ճգնաժամեր պատահած են եւ անոնց անտեսումն էր, որ 2008ին ծնունդ տուաւ համաշխարհային ճգնաժամին։
Այս առումով հեղինակը կը յանձնարարէ ուշադրութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ զարգացումներուն ու կ՛աւելցնէ. «Այն, ինչը ներկայիս կը պատահի Թուրքիոյ մէջ, կրնայ դիտուիլ իբրեւ տեղական ճգնաժամ մը, բայց աւելի լուրջ տարողութեան հասնելու ներոյժ մը ունի»։