ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած տագնապը կը շարունակէ ցնցել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, հակառակ այս շաբթուան սկիզբը առնուած քայլերով ապահովուած մասնակի կայունութեան։
Թուրքիա, հակադարձելով ամերիկեան պատժամիջոնցերուն, բազմաթիւ ամերիկեան արտադրութիւններու դէմ յաւելեալ հարկեր պարտադրեց։
Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած նոր կարգադրութեանց համաձայն՝ կառավարութիւնը աւելի քան հարիւր տոկոսով բարձրացուցած է ամերիկեան կարգ մը ինքնաշարժներու (120 տոկոս), ծխախոտներու (60), ոգելից ըմպելիներու (140) եւ շարք մը այլ արտադրութիւններու ներածման տուրքերը։
Միւս կողմէ, մինչ ամերիկեան որոշ շրջանակեր ողջունեցին Անգարայի դէմ որդեգրուած կարծր քայլերը, քաղաքական ու զինուորական այլ շրջանակներ կը շարունակեն պաշտպանել այն տեսակէտը, թէ Թուրքիա ռազմավարական կարեւոր դաշնակից է, իսկ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքին բրիտանացի հրամանատարներէն Ֆելիքս Կետնի դիտել կու տայ, որ դիւանագիտական վերջին հակամարտութիւնները ազդեցութիւն չեն գործեր զինուորական Ամերիկա-Թուրքա յարաբերութիւններուն վրայ։ «Թուրքիա ՆԱԹՕի դաշնակից է եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական դաշնակիցը։ Այդ յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ յատկանշական փոփոխութիւն հաւանական չէ», ըսաւ Կիտնի։
Նաեւ, Թուրքիոյ տնտեսական տագնապին դէմ դնելու ջանքերուն նպաստելու նպատակով, Քաթար 15 Օգոստոսին յայտարարեց, թէ 15 միլիառ տոլարի ներդրումներ պիտի կատարէ Թուրքիոյ տնտսութեան մէջ։