ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կլիմայի փոփոխութեան դէմ մղուող համաշխարհային ընդհանուր պայքարի ծրագիրով նախատեսուած գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով, Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը միացած է «Ազգային մակարդակով սահմանուած գործողութիւններու» գործընկերութեան (NDC partnership):
Գործընկերութիւնը կ՛աջակցի երկիրներու «Ազգային մակարդակով սահմանուած գործողութիւններու» մշակման եւ արդիւնաւէտօրէն իրականացման: Գործընկերութեան արդէն միացած են առաւել քան եօթանասուն երկիրներ:
Գործընկերութեան անդամ երկիրը կը ստանայ նպատակային եւ համակարգուած աջակցութիւն՝ կլիմայի փոփոխութեան ազգային եւ ոլորտային զարգացման քաղաքականութեան մշակման, իրականացման եւ մշտադիտարկման նպատակներով: Գործընկերութեան անդամագրուիլը հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ ստանալու երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով ֆինանսական աջակցութիւն՝ «Ազգային մակարդակով սահմանուած գործողութիւններու» իրականացման համար: