«Մենք Մեզ Մեր Արմատներէն Կտրելու Ճամբուն Վրայ Ենք. Ասիկա Ամբոխին Պատասխանատուութիւնը Չէ, Ղեկավարութեա՛ն Պատասխանատուութիւնն Է»
Բ.
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ֆրանսայի մէջ հայկական վարժարանային համակարգը ի՞նչ ձեւով կը զարգանայ վերջին տարիներուն: Ի՞նչ ձեւով կը գնահատէք այս խրախուսելի երեւոյթը:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ.- Բազմերես հարցում է այս: Կը զարգանան, եթէ շէնքի մասին է հարցը: Ճիշդ է, քանի մը շէնքեր շինուեցան: Բայց նաեւ ես ցաւով պիտի հաստատեմ երեւոյթ մը, որ ֆրանսահայութիւնը, գիտակցական մակարդակի հասնելով՝ ինք չշինեց այդ դպրոցները: Դրամագլուխը դուրսէ՛ն եկաւ: Կը նշանակէ, որ այդ իրենց քրտինքը չէր: Այս է հարցերէն մէկը: Երկրորդ՝ դպրոցը, կրթական գործը, մասնագիտակա՛ն գործ է: Երբ ատամդ ցաւի՝ սափրիչի չե՛ս երթար: Նոյնն է պարագան դպրոցին: Ուրեմն կարելի չէ թաղականութեամբ, հոգաբարձութեամբ գործ ղեկավարել: Վարչական գործով թող զբաղին անոնք: Բայց անոնք հաշուապահութիւնը պիտի ընեն, այլ ոչ թէ դրամի իսկական տնտեսվարումը: Այսինքն, ուսուցիչին տրուած գումարը պերճանք պէտք չէ համարել: Ուսուցիչը լա՛ւ պիտի վճարուի, որպէսզի լա՛ւ աշխատի: Աղքատ ազգականի ամսականով, ուսուցիչը աղքատ արդիւնք կու տայ: Երկրորդ հարցը այն է, որ դպրոցը մրցակցական ըլլալու համար պէտք է քայլ պահէ իր ժամանակին հետ, եւ քիչ մըն ալ համապատասխանէ ամբոխի, ժողովուրդի սնոպիզմին: Դպրոցը պէտք է քիչ մը ներկայանալի ըլլայ, ընդունող պէտք է ըլլայ, սարքաւորումներ պէտք է ունենայ, օրինակ՝ լապորաթուար (տարրալուծարան-Խմբ.) պէտք է ունենայ, եւ այլն: Մարդիկ այս տեսանելի մասին ալ կարեւորութիւն կո ւ տան, այլ ոչ թէ միայն ըսել, որ մենք հայրենասիրական զգացում պիտի փոխանցենք: Չի՛ բաւեր ասիկա: Մանաւանդ՝ աշակերտը պէտք է յաջողի: Տեղական քննութիւններուն պէտք է յաջողի: Բոլորին կողքին դուն պէտք է կարենաս պատուաստել էականը: Այս ալ մանկավարժութեան հարց է: Պէտք է այսօր մտածել, թէ հայերէնը կրնա՞նք, օրինակի համար, ինծի ծանօթ հեղինակներու դասագիրքերով սորվեցնել, թէ ուրիշ բան պէտք է մտածել: Ես վերջերս զեկուցում մը գրեցի սեմինարի մը առիթով, ուր հետեւեալ ձեւով բանաձեւեցի, թէ հայերէնը պէտք է վերածել կենդանի լեզուի եւ ոչ թէ դասագիրքի լեզուի: Այդ մէկ ժամուան մէջ եղածը դասագիրքի՛ լեզու է: Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք կենդանի լեզու ըսելով: Այսօր, ձեր դպրոցները գացէք եւ հարցուցէք սա փողոցի ծառերուն անունները ի՛նչ են: Բոլորը ծառ են իրենց համար: Ինծի մէկ հատիկ արդարացուցիչ պատճառ պէտք է տան մեր դպրոցները այն բանին, որ մարզանքի դասը Ամերիկայի մէջ անգլերէնով կ՛ըլլայ: Կենդանի լեզու ըլլալու համար, այդ մարզանքի դասն ալ հայերէնո՛վ ըրէ: Փոքրիկին համար բնական լեզու մը թող ըլլայ ասիկա։ Ուրիշ օրինակ մը. Մարսէյի դպրոցի առաջին օրը, խոհարար տիկինը ճաշացանկ մը կազմած էր եւ պատին վրայ ճաշերը ֆրանսերէն գրած էր: Բոլորին առջեւ, թատերական կերպով պատռեցի թուղթը։ Հոս պզտիկները հայերէ՛ն պիտի ուտեն՝ ըսի: Եթէ լեզուն կենդանի լեզու չէ՝ պզտիկները չե՛ն սորվիր: Հո՛ս կը սորվին, հո՛ն կը մոռնան: Ասիկա իրողութիւն է բոլորին համար, որովհետեւ շաբաթը մէկ ժամով լեզու չես կրնար սորվեցնել:
Կան նաեւ այլ յարակից մասեր: Անոնցմով, որ դուն լեզուն պիտի դարձնես կենդանի լեզու, կեանքի լեզու: Այս մարզին մէջ կը թերանանք: Ասոր համար ալ կայ յատուկ մեթոտ, որ կը կոչուի երկլեզուանի ուսուցում, որուն մասնագէտներէն մէկն ալ հայ է: Անգամ մը զայն Փարիզ հրաւիրեցինք: Ասոր բացատրութիւնը շա՛տ պարզ է: Ոչ թէ երկու լեզու սորվեցնելու հարց է ասիկա, այլ՝ երկու լեզուով աշխարհը ճանչնալու հարց: Օրինակ՝ պզտիկը պիտի գիտնայ առտու իր մօրը ըսել՝ կաթ կ՛ուզեմ, կամ՝ անգլերէնով, ֆրանսերէնով ըսէ այդ մէկը: Բայց պիտի գիտնայ, որ այդ լեզուով ալ ինք կրնայ աշխարհը ճանչնալ: Մենք ասիկա չունինք:
Ուրեմն, առաջին տարիներուն հայերէնի ուսուցչուհին եւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհին շաբաթը անգամ մը քովս կը կանչէի եւ կ՛ըսէի. «Այս շաբաթ ի՞նչ պիտի ընէք»: Նոյնիսկ թուաբանութեան ուսուցչուհիին կ՛ըսէի՝ ըսէ՛, որ ինքնաշարժը Երեւանէն Գորիս կ՛երթայ…։ Աշխարհը ճանչնալու պարզ ձեւեր են ասոնք: Եւ որովհետեւ մենք յաճախ կը կարծենք, թէ հայերէնով ուսուցուածին եւ օտար լեզուով ուսուցուածին միջեւ անանցանելի պատ մը կայ, այդ պատճառով ալ լեզուն կենդանի, կեանքի՛ լեզու չ՛ըլլար: Ասոր համար խիստ կարեւոր է, եթէ հնարաւոր է, որ թուաբանութեան ուսուցիչը, կամ իրագիտութեան ուսուցիչը, օտար լեզու դասաւանդող ուսուցիչը, ի՛նք եւս հայ ըլլայ, բայց՝ լեզուն գիտնայ: Ես անգամ մը շատ ուրախութեամբ տեսայ, երբ Փարիզի Դպրոցասէրի թուաբանութեան ուսուցիչի դասարան մտած էի, որ ան թուաբանութիւն կը բացատրէր, տիակոնալը կը բացատրէր, հայերէնն ալ հետը կը սորվեցնէր: Ուրեմն, պզտիկը ֆրանսերէնին հետ կ՛ընկալէր, կ՛ըսէր՝ հատանող, երկուքը միասին կ՛ընկալէր փոքրիկը, եւ երբ անմիջական նիւթին հետ կու գայ այդ բացատրութիւնը՝ պզտիկը աւելի կ՛ընկալէ եւ կը սորվի: Ասոր համար ալ պէտք է ամբողջովին վերամտածել հայերէնի ուսուցման եղանակը եւ մեր դասագիրքները այդ ձեւով խմբագրել: Ժամանակին «Հայկարան»ը կար, շատ լաւ դասագիրքեր էին, բայց՝ հայերէն գիտցողին համար: Այսօրուան աշակերտին անմիջականութեան եւ կեանքին մաս չի կազմեր ատիկա. նիւթերը պէտք է խմբագրել: Առաջ մեր դպրոցներուն մէջ գիտութեան դասերը հայերէնով կ՛ըլլային: Ամբողջ բառերը հայերէնով կը սորվէին աշակերտները: Հիմա չկան անոնք, ուրկէ՞ պիտի սորվին այդ բառերը: Դասը պէտք է խմբագրել այդ բառերով նաեւ, ապա քիչ մը ժամանակ յատկացնել պզտիկներուն՝ բացատրելու համար, թէ ծառերը անուններ ունին եւ որ գործածեն այդ անունները: Բանջարեղէնները անուններ ունին, եւ սորվեցնե՛ն այդ անունները՝ ի հարկին խոհարար մայրիկին քով տանելով զանոնք: Ասիկա ամբողջովին պէտք է վերամտածել: Հայաստանցի աշակերտը խնդիր չունի: Մեր վերջին գիւղերու աշակերտներն ալ այս խնդիրը չունին. Քեսապէն աշակերտներ կու գային եւ անոնք գիտէին ատիկա: Քաղաքի աշակերտը շարադրութիւն կը գրէր, բոլոր ծառերուն՝ ծառ կ՛ըսէր, իսկ քեսապցի տղան, ծառերուն անունները կու տար: Այս է ուրեմն կեանքի լեզու դարձնելու հարց եւ ասիկա սիրողական ձեւով չ՛ըլլար: Ասիկա պատասխանատու մարդով կ՛ըլլայ, կ՛ըլլայ հասկցո՛ղ մարդով, որուն սակայն պէտք է վճարել: Այս ալ պէտք է հասկնան մեր թաղականները, մեր ղեկավարները, հոգաբարձուները: Յատուկ մանկավարժութի՛ւն է ասիկա:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Գիտենք, թէ ընթերցասիրութիւնը ընդհանրապէս նահանջած է վերջին շրջանին: Նոյն պատկերը շեշտակիօրէն կը պարզուի արեւմտահայ ընթերցող հասարակութեան մօտ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս երեւոյթը եւ ի՞նչ դրական նախաձեռնութիւններ կրնան առնուիլ այս մտահոգիչ պատկերը բարելաւելու համար:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ.- Այսպիսի հարցում ընողները պատասխանը գիտեն ընդհանրապէս: Ճիշդ է, որ ամէն մարդ կ՛ըսէ, թէ այսօր «ինթերնեթ»ը արգելք է որ հայերէն կարդանք: Սակայն մենք հնարաւորութիւններ ունինք: Ինչո՞ւ, օրինակ, մեր զանազան ձեռնարկներու կողքին չկազմակերպել պարզ ընթերցման հանդիպումներ: Գիրքը առնել ու ըսել՝ եկէ՛ք ժողովուրդ, այսօր Սիամանթօ պիտի կարդանք: Ի հարկին, եթէ հասկնալու դժուարութիւն ունեցողներ կան, ապա թարգմանութիւնն ալ ընել միաժամանակ: Այս խաղին մասնակից պէտք է դարձնել ուսուցիչները: Այս խաղին մասնակից պէտք է դարձնել ծնողները: Երբ «Բագին»ով Պէյրութ կ՛երթայի, ընթերցման հանդիպումներ կը կազմակերպէի: 8-10 հոգի կու գային, 3 վայրկեանի ներածական մը կ՛ընէի, ապա գիրքէն բաժիններ ընտրած կ՛ըլլայի եւ կը բաժնէի իրենց: Բոլորը մասնակից կ՛ըլլային: Մասնակցութեան հարցը մենք պէտք է կարենանք բոլոր մարզերու մէջ ստեղծել, նոյնիսկ՝ ղեկավարական որոշումներու պարագային: Օրինակ՝ բարեգործական միութեան մը վարչական ժողովը. ի՞նչ անպատեհութիւն կայ, եթէ երբեմն ըսէք՝ երիտասարդնե՛ր, եկէք, հոս նստէք ու մտիկ ըրէք: Հաղորդակից պէտք է դարձնել եւ փոխանակ որոշումները վերէն բերելու՝ պէտք է ուղղահայեաց, հորիզոնականի վերածել: Եւ ի վերջոյ՝ հիմնական հոգեբանականը այն է, որ մեր ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուող մարդիկը վարժուին իրենց խօսակիցներուն երբեմն ըսելու՝ դո՛ւք ալ իրաւունք ունիք: Այս մէկը բոլոր մարզերուն մէջ օգտակար կ՛ըլլայ: Վերջին հաշուով, նաեւ հայ մարդը, նոյնի՛սկ օտարացածը, զգայուն տեղ մը ունի: Այդ հայ մարդիկը այսօր հայերէն չեն կարդար: Իրենց տուներուն մէջ հայերէն գիրք չկայ: Հայերէն գրադարանները, եթէ մեծկակ չեն, որ ասդին-անդին դրուին, գիրքերը փողոց կը թափուին: Աչքո՛վս տեսած եմ: Նոր երկու գրադարան Ամերիկայէն, մէկը ղրկուեցաւ Արցախ, Համազգայինի գրադարանը, միւսը՝ Ալիս Սեւակի հսկայ գրադարանը, ղրկուեցաւ Լոս Անճելըս, «Լարք» ընկերակցութեան, որ պիտի ընդարձակուի եւ իր կողքին թանգարան մըն ալ պիտի ունենայ: Ըսել կ՛ուզեմ, որ եթէ հայ մարդը գիրքի կարեւորութեան սկսի անդրադառնալու, թէ գիրքը գաղափար փոխադրող է, արժէք փոխադրող է, ա՛յն ատեն կրնայ հրաշքը պատահիլ եւ վերականգնումը տեղի ունենալ: Մարդոց պէտք է խօսիլ նաեւ՝ քիչ մը մեծերուն դպրոցը յաճախելով: Օշական ոսկի խօսք մը ունի: Մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան մարմարը: Այս պարզ իմաստութիւնը եթէ կարենանք մեր խանութպանին փոխանցել, մեր ուսուցիչին փոխանցել, ապա մենք ոստում կատարած կ՛ըլլանք: Իրենց բացատրել, որ հարկ է այս գիրքը գնել, որպէսզի գիրքը շարունակուի, գրողը ապրի՛:
Այսօր գրողը իր գիրքով չ՛ապրիր, եւ ասիկա ահաւոր նահանջ մըն է: Ես անցեալները ճափոնցի գրողի մը թարգմանութիւնը ըրի. իր վերջին գիրքը Ճափոնի մէջ տպուած է 700,000 օրինակով, եւ նշուած է, որ ընթացքի մէջ է բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուելու համար: Մենք երբեմն փառասիրութիւններ ալ ունինք՝ Նոպէլեան մրցանակ մը ստանալու: Ինչպէս Նոպէլեան մրցանակ ստանաս, երբ չես թարգմանուիր, չես կարդացուիր. որո՞ւն հոգը… Ասոր պատասխանատուն ազգովին մե՛նք ենք՝ հայերէն չգիտցողը թէ հայերէն գիտցողը: Մարդոց ըսենք, որ այս գիրքը գնելով՝ դուք գրականութեան եւ մշակոյթին նպաստած կ՛ըլլաք: Գիրքերը, հետեւեցէ՛ք տպաքանակներուն, բախտաւոր պարագային՝ 400 օրինակ, Հայաստանի մէջ, եւ՝ նուէր կը տրուին… Ընկեր մը ըսաւ, որ ոչ միայն գիրքերը նուէր պիտի տանք, այլեւ դրամ ալ պիտի տանք, որ կարդան: Ասիկա ազգային մեծագոյն պարտութի՛ւն է, եւ մեր ժողովուրդին պէտք է ըսել, որ այս պարտութեան մասնակի՛ց ես:
Հայաստանի մէջ ալ նոյնն է կացութիւնը: Հայաստան գիրք մը հրատարակուեցաւ 700 էջով, կոթողական ուսումնասիրութիւն մը: Գիրքը հրատարակուեցաւ 100 օրինակով… Ասիկա մեր ժողովուրդին հանդէպ եղած մեծագոյն վիրաւորանքն է: Իրմէ՛ եկող վիրաւորանք: Ասիկա կը նշանակէ, որ հայ մտաւորականը եւ գրողը այլեւս կաթիլ մը վստահութիւն չունին մեր ժողովուրդի մշակութասիրութեան ու ինքնութեան հանդէպ: Ասիկա պէտք է բարձրաձայն ըսել, եւ ըսե՛լ, որ ասոր առաջքը դո՛ւք պիտի առնէք, սիրելի՛ ժողովուրդ: Մեծն Ֆրանսայի մէջ, ուր կայ 500,000 հայութիւն, որուն վրայ գումարուած են Հայաստանէն արտագաղթողներ եւս, մէկ հատիկ հայկական գրատուն չկայ: Բան մը կը նշանակէ՛ ասիկա: Հայ մարդը իր հոգեկան սնունդը ստանալու համար հասցէ չունի: Նիւ Եորքի մէջ ալ չկայ: Քալիֆորնիա քանի մը հատ կայ: Ըսել կ՛ուզեմ, որ կան պզտիկ հարցեր, որոնք լուծումներու դուռ կը բանան:
Մեր կազմակերպութիւնները իրենց շէնքերուն տակ, բայց դէպի դուրսը նայող, ոչ ներսը զարդի համար, տեղ մը թող բանան: Երեւակայեցէ՛ք, որ երբ Հայաստանի մէջ գրախանութները փակուած էին, Գրողներու միութինը խանութ մը բացաւ: Ինծի համար երջանկութիւն էր ատիկա տեսնելը: Հիմա խանութները կը բազմանան Հայաստանի մէջ: Երեւո՛յթ է ասիկա: Պէտք է ընդգծել այս երեւոյթը: Բայց Սփիւռքի՞ մէջ: Պէյրութի մէջ ալ գրախանութները կը փակուին: Մէկ հատ, երկու հատ կան: Ըսել կ՛ուզեմ, որ մենք զմեզ մեր արմատներէն կտրելու վրայ ենք: Ասիկա ամբոխին պատասխանատուութիւնը չէ, ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնն է: Ղեկավարութիւնը երկու քոքթէյլ պակաս թող ընէ, գրախանութ մը թող բանայ: Ընելի՛ք ունինք:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Վերջաբա՞ն։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ.- Վերջաբանիս մէջ կ՛ուզեմ խօսիլ, ժամանակակից մանկավարժական վերաբերումին մասին: Ամերիկացի փիլիսոփայ մը գրեց գիրք մը, որ դպրոցներու նախակրթարաններուն մէջ փիլիսոփայութեան դաս պիտի տան: Այսօր Ֆրանսայի մէջ ատիկա կ՛ընեն: Նախակրթարանի առաջին դասարանը համալսարանի դասախօս մը կու գայ եւ փիլիսոփայութեան դաս կ՛ընէ: Պզտիկները մտածելու կը վարժեցնէ: Երանի՜ թէ մենք ասիկա կարենանք ընել ոչ թէ դպրոցներու մէջ միայն, այլեւ մեր ժողովներուն մէջ. փոխանակ կրկնութիւններ ընելու՝ նախ մտածելու վարժուինք, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ այդ հարցումին պատասխանելը կամ չպատասխանելը: Ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ մեր թերթին մէջ գրուած խմբագրականը, ո՛ր հարցումին կ՛ուզենք պատասխանել: Այս՝ մէկ: Ես կ՛ուզեմ, որ մեր ժողովուրդը մտածելու վարժուի, մտածական ընթացքի մէջ մտնէ: Երկրորդ, ես լուրջ մտահոգութիւն մը ունիմ հայ մամուլին նկատմամբ: Հայ մամուլը գործիք չէ: Ժողովուրդին խի՛ղճն է: Պէտք է, որ ժողովուրդին խիղճը ըլլայ անիկա: Եթէ եղբայրս ալ սխալ ըրած է՝ պէ՛տք է կարենամ ատիկա ըսել: Ո՛չ անպայման կռիւ յայտարարելով, այլ ըսելով, որ աւելի լաւը կրնար ընել: Մենք ճամբան քիչ մը շուարած ենք. վերադառնա՛նք: Որովհետեւ առանց ժողովուրդի խիղճը ըլլալու՝ մամուլը թութակաբանութիւն մըն է: Անոր համար ալ, երբ մեր թերթերը կը կարդամ, բոլոր կողմերուն պատկանող, այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ կր-կնուած դաս մըն են անոնք: Նոյն տարազները կը կրկնուին: Մինչդեռ կարելի է ուրիշ բան ընել: Երբեմն ալ թոյլ պէտք է տալ, որ տարբեր կարծիքներ արտայայտուին: Ֆրանսական մամուլին մէջ, որ քիչ մը ձախ է, ե՛ւ ընկերվարականը ե՛ւ համայնավարը կը գրեն ու կը հրատարակուին: Ի՞նչ է անպատեհութիւնը: Ընթերցողը թող ընէ ընտրութիւնը: Մենք ալ ասոր պէտք է հասնինք: Ի՞նչ է անպատեհութիւնը, որ ըսենք, թէ այս կազմակերպութիւնը՝ մերը կամ միւսինը, կամ այս ինչ բանը այսպէս չ՛ըլլար. եւ այս պզտիկ քննադատութիւնը, դժգոհութիւնը, ժողովուրդը ի՛նք արտայայտէ, ու երբ արտայայտէ՝ այն տպաւորութիւնը ունենայ, որ իր ձայնը կը լսուի, այդ ձայնը լսուելու բեմն է թերթը, եւ այս ուղղութեամբ նաեւ մեր մամուլը յստակ կերպով ընելիք ունի, այլ ոչ միայն կարգախօս կրկնելու: Ուրեմն, բազմաթիւ աշխատատեղեր կան մեր առջեւ բացուած, բայց ատիկա ընելու համար ե՛ւ միջոց, ե՛ւ համոզում, ե՛ւ տեսիլք պէտք է ունենալ, նաեւ՝ մա՛րդ ալ պէտք է:
* Կենսագրական Նոթեր
Յակոբ Պալեան ծնած է 1935ին, Աղեքսանտրէթ: Վաղ մանկութեան փոխադրուած է Հալէպ, ապա՝ Հոմս, ապա՝ կրկին Հալէպ: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպ եւ Լիբանան: Երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարան: Աւարտած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի Բարձրագոյն Դպրութեանց դպրոցը՝ Ecole Superieure des Lettres, իբրեւ գրականութեան եւ իմաստասիրութեան ուսուցիչ: Պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ ճեմարանի, Լիբանանի Մարիստներու քոլեճի, Ս. Նշան վարժարանի եւ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ: 1974ին հաստատուած է Փարիզ, ուր գործօն դեր ունեցած է Մարսէյի ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ: Շրջան մը խմբագրած է Փարիզի «Կամք» օրաթերթը եւ վարած Փարիզի հայկական ձայնասփիւռը: Եղած է վարիչ-խմբագիր «Բագին» գրական հանդէսի: Լոյս ընծայած է շուրջ 18 հատորներ՝ գրական, գրականագիտական եւ հրապարակագրական բովանդակութեամբ: Ունի բանաստեղծութիւններու հատոր մը եւ վէպ մը: Նոր լոյս տեսած են իր «Հայ Դատ Մտածել Եւ Հետապնդել» եւ «Ինքնութիւն, Որակ, Մշակոյթ Ու Վերականգնում» գործերը Անթիլիասի տպարանէն. արժանացած է Գէորգ Մելիտինեցի մրցանակին:
(Շար. 2 եւ վերջ)