ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ուաշինկթընի կողմէ երկու թուրք նախարարներու դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներէն ետք, Թուրքիոյ «Լաւ» կուսակցութեան խօսնակ Այթուն Ճըրայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած է, որ Թուրքիա մուտք գործելու արգելք սահմանեն ամերիկացի նախարարներու դէմ եւ գրաւեն Պոլսոյ Շիշլի թաղամասը գտնուող «Թրամփ Աշտարակներ» բնակարանային համալիր-առեւտուրի կեդրոնը: Նշենք, որ այդ համալիրին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 2010ին: Անիկա իրականացած էր թուրք միլիառատէր Այտին Տողանի կողմէ, իսկ բացման արարողութեան ներկայ գտնուած էր այն ժամանակուան վարչապետ Էրտողանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.