ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարի բարձրագոյն կրթական ուսումնական հաստատութիւններ ընդունուիլ փափաքող ուսանողներու թիւը 5456 է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գնահատման կեդրոնի փոխտնօրէն Կարօ Նասիբեան: Ան յայտնեց, որ համալսարաններու մէջ կայաին 21,000 ուսանողի տեղեր:
Կարօ Նասիբեան փոխանցեց, որ դիմորդներուն մեծ մասը փափաքած է յաճախել Երեւանի պետական համալսարան (1701 դիմորդ):