ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, 2 Օգոստոսի երեկոյեան, եւրոպական ակումբներու «Եուրոփա» մրցաշարքի Բ. հանգուրանի դարձի մրցումի մը ընթացքին, Երեւանի «Ալաշկերտ» խումբը Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Մոնթենեկրոյի ախոյեան «Սութեսքա» խումբը, սպիտակ հաւասարութիւն մը արձանագրելով։
Նկատի ունենալով, որ «Ալաշկերտ»ը երթի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Մոնթենեկրոյի մէջ, անիկա կրցաւ ապահովել Գ. հանգրուանի տոմսը, հանդիսանալով այդ իրագործումին հասած Հայաստանի երկրորդ խումբը։
31 Յուլիսին, Երեւանի «Փիւնիկ»ը հանդիսացած էր այս մրցաշարքին Գ. հանգրուան հասած Հայաստանի առաջին խումբը, մրցաշարքէն դուրս ձգելով Ղազախստանի «Թոպոլ» խումբը։
«Ալաշկերտ»ը, որ Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքին ընթացքին Սկովտիոյ «Սելթիք»էն պարտութիւն կրելով՝ հասած էր «Եուրոփա» մրցաշարքին, այս մրցաշարքին Գ. հանգրուանին պիտի մրցի Ռումանիոյ ախոյեան «Քլուժ»ի դէմ, որ նմանապէս Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքէն դուրս մնացած էր:
«Ալաշկերտ»ի եւ «Քլուժ»ի միջեւ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 Օգոստոսին, Երեւանի մէջ, իսկ դարձի մրցումը, մէկ շաբաթ ետք, Ռումանիոյ մէջ:
«Փիւնիկ»ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի «Մաքապի» խումբը։ Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 Օգոստոսին, Երեւանի մէջ, իսկ դարձի մրցումը՝ 16 Օգոստոսին, Իսրայէլի Նեթանիա քաղաքի մարզադաշտին մէջ: