ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) քաղաքական խորհուրդի քարտուղար Նայիրա Զոհրապեան պիտի գլխաւորէ ԲՀԿ Երեւանի աւագանիի նախընտրական ցանկը:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է ԲՀԿ մամլոյ խօսնակ Վանիկ Էլիզբարեան:
«Երկրորդ տեղը «Կեդրոն» հեռուստաընկերութեան մեկնաբան Պետրոս Ղազարեանը կը գրաւէ», յայտնեց Էլիզբարեան:
Երեւանի քաղաքապետի աթոռը թափուր է 9 Յուլիսէն ի վեր՝ մայրաքաղաքը եօթ տարի ղեկավարած հանրապետական Տարօն Մարգարեանի հրաժարականէն ետք:
16 Յուլիսի արտահերթ նիստին ընթացքին աւագանին իր կազմէն նոր քաղաքապետ չընտրեց. նիստը տապալեցաւ մեծամասնու-թիւնը չապահովելու պատճառով: Այժմ կառավարութիւնը պէտք է ցրուէ աւագանին եւ նոյն ժամանակ նշանակէ արտահերթ ընտրութիւններ: Երեւանի մասին օրէնքին համաձայն՝ արտահերթ ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ աւագանիի լիազօրութիւններու ժամկէտը կրճատելէն ետք ոչ շուտ, քան 30, եւ ոչ ուշ, քան 40 օրերու ընթացքին: