ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը ապահովելու նպատակով, եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբը կազմակերպած է իր տարեկան վեցերորդ «Կամուրջ դէպի ապագայ» ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27ի երեկոյեան, «Շերըթըն Մարինա Պէյ» պանդոկին մէջ:
Տոմսերու սակը 250 տոլար է:
Ձեռնարկին հանդիսավարն է Սան Տիէկոյի «Ֆաքս» կայանի հաղորդավար Տեն Քոհեն:
Ներկաները պիտի վայելեն շրջանի քանի մը յայտնի խոհարարներու պատրաստելիք ճաշերը եւ անոնց ընկերակցող գինիները։
Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին «Արա՛զ» պարային վարժարանի սաները, ինչպէս նաեւ՝ երգչուհի Մանէն։

Եկեղեցւոյ համալիրի կառուցման համար յաւելեալ 2 միլիոն տոլար հաւաքելու թիրախ մը հաստատուած է եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբին կողմէ, որ իր աշխատանքը կը շարունակէ հոգեւոր հովիւ Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճէքեանի առաջնորդութեամբ։
Յիշեցնենք, որ Տել Մար քաղաքին մօտերը գտնուող Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը պիտի իրականացուի հանգրուաններով, իսկ անոր աւարտին, իր շրջափակին մէջ պիտի ունենայ նոր եկեղեցի մը, ընկերային ձեռնարկներու յատուկ սրահ, երիտասարդական կեդրոն, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ: Եկեղեցւոյ նոր համալիրի հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այս տարուան Ապրիլ 29ին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.stjohngarabed.org/gala-2018 կայքէջը, կամ դիմել (619) 884-8983 եւ (619) 246-2041 թիւերուն: