ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Ուրբաթ, 20 Յուլիսին, նախարարիութեան համալիրին մէջ հանդիպեցաւ «Դէպի Հայք» ծրագիրի շրջագիծին մէջ Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ ծրագիրի պատասխանատու Սեւան Գապաքեանի:
Նախարար Տօնոյեան երիտասարդներուն ներկայացուց հայկական բանակի կենսագործունէութեան եւ զարգացման առաջնահերթութիւնները՝ ընդգծելով, որ զինուած ուժերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ժամանակակից սպառազինութեան ձեռքբերման վրայ, մասնաւորապէս այնպիսի զինատեսակներու, որոնք հայկական կողմին որակական առաւելութիւններ կու տան հակառակորդի նկատմամբ:
Դաւիթ Տօնոյեան պատասխանեց նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու՝ զինուած ուժերու բարեփոխումներուն եւ այդ ծիրին մէջ իրականացող ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ սահմանային իրավիճակին վերաբերող հարցումերուն:
Հանդիպման աւարտին պաշտապանութեան նախարարը Սեւան Գապաքեանը պարգեւատրեց գերատեսչական շքանշանով: