ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական դատարան մը դարձեալ մերժած է ազատ արձակել երկու յոյն զինուորները, որոնք անցած Մարտին սխալմամբ անցած էին Թուրքիա-Յունաստան սահմանէն: Յոյն զինուորներ Անկելոս Միթրեթոտիս եւ Տիմիթրիս Քուքլազիս պիտի շարունակեն մնալ թրքական Էտիրնէ նահանգի բանտը:
Զինուորներուն փաստաբանները պնդած են, որ Միթրեթոտիսն ու Քուքլազիսը սահմանը հատած են ոչ դիտաւորեալ կերպով, եւ անհիմն համարած են անոնց դէմ առաջադրուած լրտեսութեան մեղադրանքը: Զինուորները դարձեալ դատարանի առջեւ պիտի կանգնին 30 օր ետք:
Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս նախապէս Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր ազատ արձակելու յոյն զինուորները, իսկ Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Տիմիթրիս Ցանաքոփուլոս յայտարարած է, թէ Թուրքիա այլեւս «կը կտրէ արտօնելի գիծը»՝ շարունակելով բանտարկուած պահել սահմանը սխալմամաբ հատած յոյն զինուորները: