Հայաստան այցելած յայտնի պլակըր Նես Տէյլի հրապարկեց «Հայաստան Ինչպէ՞ս Կը Կրթէ Երեխաները» նոր տեսանիւթը:
«Հայաստանի նման վայրը ինծի յոյս կու տայ, որ կրնանք ունենալ աշխարհ մը, ուր ամէն մարդ կրնայ դառնալ լաւագոյնը իր սիրած ոլորտին մէջ… եւ այդ բոլորը՝ կրթութեան շնորհիւ», կը յայտնէ Տէյլի:
Տեսանիւթին մէջ նկարահանուած են Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան եւ ճատրակ խաղացող բազմաթիւ երեխաներ:
Յայտնի պլակըրը նախորդ տեսանիւթին մէջ պատմած էր հայկական ցայտաղբիւրներուն մասին՝ հրապարակելով «Անվճար Ջուրի Երկիր՝ Հայաստան» խորագիրով կարճ ժապաւէնը:
Նես Տէյլի ունի առաւել՝ քան 7 միլիոն հետեւորդ: Պլակըրին այցը Հայաստան իրականացած է Քաղաքացիական թռիչքներու վարչութեան եւ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ: