ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Փաուլա Սեւերինօն: Հանդիպմշան ընթացքին, վարչապետը կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի հետ համագործակցութեան յետագայ զարգացումը տարբեր հարթութիւններու վրայ, որոնց շարքին՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտը:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է եւ այդ ուղղութեամբ գործադիրը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը: Նոյն ատեն վարչապետը աւելցուց, որ Հայաստան այս ոլորտին մէջ անհրաժեշտ կը համարէ միջազգային գործընկերներու հետ փորձի փոխանակումն ու վերջիններուս հնարաւոր օժանդակութիւնը:
Փաուլա Սեւերինօ ողջունեց կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ անոնք արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Սեւրինօ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի կառավարութեան հետ, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ բարեփոխումներու իրականացման համար օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով: