ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, Երկուշաբթի, 16 Յուլիսի երեկոյեան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին կից տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած՝ «Մայիս 28» պողոտային անուանակոչութիւնը եւ բացումը յուշարձանին, որուն հեղինակն է հայրենի քանդակագործ Կակօն:
Ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Էտի Մաալուֆ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս խօշեան, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ժողովուրդ:
ՀՄԸՄի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ նախ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խումբերու տողանցք:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Վիգի Ախոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ ազգերու անկախութիւնը կը նուաճուի հաւաքական հաւատքով եւ արեամբ ու կը պահուի հաւաքական ճիգերով: Ան բացատրեց, որ այդ յուշարձանը կենդանի խորհրդանիշն է ամբողջական, միացեալ ու միակամ հայութեան՝ Հայաստանով, Արցախով եւ Սփիւռքով, իբրեւ անբաժանելի երրորդութիւն: Ըստ անոր, անիկա յուշարար է, որ հայ ժողովուրդի ազատութեան ու Հայաստանի անկախութեան պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերականգնումը ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարանդ Ալեքսանտրեանին եւ արուեստագէտ Գագիկ Գէորգեանին (Կակօ), նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս ծրագիրի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցան:
Ապա Շահէ եպս. Փանոսեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեան, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան կատարեցին յուշարձանի բացումն ու փողոցի անուանակոչութեան վերաբերող յուշաքարի քողազերծումը:
Անկէ ետք յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանին, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար եւ անդրադարձաւ երկու տարի առաջ շրջանի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեանի հրաւէրով Հայաստան տուած այցելութեան, որմէ ետք ան 4 անգամ կրկին այցելած է Հայաստան, որ մաքուր երկիր է, իսկ ժողովուրդը՝ համեստ ու պայքարող:
Անկէ ետք ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց դոկտ. Ժան Կէօքճեան։
Այս առիթով իր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը արտայայտեց նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան։
Աւարտին իր խօսքը արտասանեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նախ արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետական խորհուրդին, յատկապէս քաղաքապետին, որ բարեկամ է բոլորին, որուն դռները բաց են շրջանի բնակիչներուն դիմաց՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնը, պահանջները եւ փորձելու անոնց գոհացում տալ: Ան հաստատեց, որ քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան փաստեց, թէ ինք շրջանը բարելաւելու միտումով կենցաղային պայմաններ ապահովող չէ միայն, այլ ականջալուր է բնակիչներուն տենչերուն, բաժնեկից է անոնց փափաքներուն եւ գնահատող է անոնց արժէքներուն: Յակոբ Բագրատունի աւելցուց, որ Պուրճ Համուտէն եւ Այնճարէն ետք այս քաղաքապետութիւնը երրորդ հայկական քաղաքապետութիւնը կարելի է նկատել՝ շրջանի բնակիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ եղած կապէն մեկնելով: