
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդի զինուած ուժերու աշխոյժ գործողութիւնները այնտեղ ապրող բնակիչներուն մէջ ատելութեան մակարդակի բարձրացման միտուած քայլեր են: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, 3 Յուլիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրողներու յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Ասիկա Ատրպէյճանի առջեւ դրուած ռազմավարական հարց է: Անոնք կը ձգտին Նախիջեւանի բնակչութեան ատելութեան մակարդակը հասցնել Ատրպէյճանի միւս հատուածներուն մէջ ապրող մարդոց ատելութեան մակարդակին: Ատրպէյճանցիները այդտեղ նոյնքան լարուած ու ատելութեամբ լեցուած չեն, ինչպէս օրինակ՝ Տաւուշի հատուածին վրայ: Սակայն, նկատի ունենալով Նախիջեւանի կարեւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայրաքաղաք Երեւանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն, մենք այստեղ ամրացուցած ենք, կ՛ամրացնենք ու պիտի ամրացնենք մեր անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Նախիջեւանի հատուածին վրայ արտառոց բան տեղի չ՛ունենար: Նոյն գործողութիւնները կատարուած են նաեւ 10 տարի առաջ, Տաւուշի հատուածին վրայ եւ 20 տարի առաջ՝ Արցախի մէջ:
«Հակառակորդը կը փորձէ միջդիրքային տարածութիւնները կրճատել, դիրքերը իրարու մօտեցնել, որ, անշուշտ, կը մեծցնէ վտանգը, որ մէկ դիրքէն միւսը հրաձգային զինատեսակով կրնայ հասանելի դառնալ: Այդ իր հերթին կը ստեղծէ որոշ լարուածութիւն, բայց այնպէս չէ, որ այս գործողութիւնները սկսած է հակառակորդը, կամ մենք կրաւորական ենք ու քնացած», նշեց Յովհաննիսեան:
Արցախի եւ Նախիջեւանի սահմանին ատրպէյճանական ուժերու կուտակումը, ըստ Յովհաննիսեանի, տարբեր պատճառներ կրնայ ունենալ, եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւններուն մէջ միայն մէկ նպատակ տեսնելը տեղին չէ:
«Առաջնագիծին վրայ, վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, հակառակորդը շատ չի կրակեր, եւ, եթէ անոր գումարենք աշխոյժ տեղաշարժերը՝ կրնայ ըլլալ մեծ ծրագիր մը: Զուտ ռազմագիտութեան տեսանկիւնէն ասոնք դիմացինի ուշադրութիւնը բթացնելու եւ սեփական զօրքերը պատրաստելու քայլեր են», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Արծրուն Յովհաննիսեան հաւաստիացուց, որ լայնածաւալ պատերազմի վերսկսման վտանգը այս պահուն այնքան մեծ չէ, որքան մէկ ամիս առաջ, սակայն որեւէ պահու պէտք է պատրաստ ըլլալ իրավիճակի փոփոխութիւններուն: