
ՀԻՒՍԹԸՆ.- Օգոստոս 2ին, Հիւսթըն գտնուող Միացեալ Նահանգներու Օդանաւային եւ անջրպետային ազգային վարչութեան (NASA) «Ճանսըն» կեդրոնատեղիին մէջ կայանալիք պարգեւատրութեան արարողութեան ընթացքին, անջրպետագէտ Երուանդ Թէրզեան պիտի ստանայ վարչութեան բարձրագոյն պարգեւը հանդիսացող՝ Նշանակալի հանրային սպասարկութեան շքանշանը։
Արարողութիւնը ուղղակի պիտի սփռուի NASA-ի պատկերասփիւռի կայանէն, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ՝ Քալիֆորնիոյ ժամով։
«Երուանդ Թէրզեան կը պարգեւտրուի անջրպետագիտութեան մարզին մէջ իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրային սպասարկութեան եւ կրթական մարզին նուիրուելուն համար», կը շեշտուի պարգեւատրութեան մասին կատարուած յայտարարութեան մէջ։
«Դոկտոր Երուանդ Թէրզեան իր կեանքը նուիրած է կրթութեան, հանրային ծառայութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու: Ան իր խանդավառութիւնը օգտագործած է տիեզերքը ուսումնասիրելու, ուսանողներու եւ առհասարակ հանրութեան համար ոգեւորիչ փորձառութիւններ ապահովելու համար: Դոկտ. Երուանդ Թէրզեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդ ուղեղները ոգեշնչելու եւ կրթելու հարցին մէջ: Այս ձեռքբերումներն ու անոր մարդկային բարձր յատկանիշները կ՛ապացուցեն, որ Թէրզեան արժանի է Նշանակալի հանրային սպասարկութեան շքանշանին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Թէրզեան 8 տարի աշխատած է NASA-ի յանձնախումբերուն մէջ, իսկ 20 տարի ղեկավարած է NASA-ի Նիւ Եորքի տիեզերական դրամաշնորհներու համախմբումը, որ կը ներառէ 19 համալսարան եւ գիտական կեդրոն։ Ան նաեւ 12 տարի աստղագիտութեան նիւթով դասախօսութիւններ տուած է Ամերիկացի աստղագէտներու ընկերակցութեան անդամներուն: Յայտնի է աստղային եղափոխութեան ոլորտին մէջ իր ուսումնասիրութիւններով, ինչպէս նաեւ հեռաւոր մոլորակային համակարգերու միջեւ ջրածնային գօտիներու յայտնագործումով: Թէրզեան աւելի քան 235 գիտական յօդուածի համահեղինակ է եւ 7 գիրքի խմբագիր:
Նշենք, որ 1965էն ի վեր, ան կը դասաւանդէ ու ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ «Քորնել» համալսարանին մէջ, եւ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, ներառեալ՝ NASA-ի «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակին:
Թէրզեան ծնած է Փետրուար 9, 1939ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը: Հայրը հայ էր, իսկ մայրը՝ յոյն: Դպրոցը աւարտած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, ապա՝ յաճախած Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը: 1960ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, 1963ին Ինտիանա համալսարանէն ստացած է աստղագիտութեան ճիւղին մէջ մագիստրոսի վկայական, իսկ 1965ին արժանացած է դոկտորի աստիճանին: