«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Ոդիսակա՞ն, թէ արհաւիրք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը՝ յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով:
Ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու հարցը մեծ դժգոհութեան ալիք ստեղծած եւ մելան հոսեցուցած էր, երբ այս անգամ Թրամփի ղեկավարութիւնը այլ արագ եւ կարճատես որոշում մը տուաւ՝ Յունիս 20ին պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Միացեալ Նահանգները կը քաշուի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն:
ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ նախագահ Թրամփի հլու կամակատար Նիքի Հէյլի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը քաշուի այս խորհուրդէն ա՛յն պատճառով, որ քաղաքական մութ հաշիւներ կան, եւ որ ճնշումներու իբրեւ հետեւանք մարդկային իրաւունքները զոհ դարձած են այս անհանդուրժելի մթնոլորտին։
Վստահաբար, իր սովորական դայլայլիչներով, նոյնինքն նախագահ Թրամփը, իր «փորձառութեամբ», իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով եւ անշուշտ յաւելեալ ձաբռտուքներով պիտի համոզէ, թէ տրուած որոշումը տեղի՛ն է: Հաւանաբար, ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ անտրամաբանութեամբ, ան կարենայ առաջարկել նաեւ, թէ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել այս որոշումը, կամ վերստին միանալ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին, եթէ ընդհանուր կեդրոնատեղին փոխադրուի… Երուսաղէմ:
Բնակա՛ն է, որ այսպիսի խորհուրդ պիտի զբաղի ընկերային, բարոյական եւ անշուշտ քաղաքական հարցերով: Նոյնիսկ արուեստի եւ մշակոյթի մէջ մասնագիտացած՝ ՄԱԿի հովանիին տակ գտնուող խորհուրդներ կը զբաղին քաղաքական հարցերով:
Այս որոշումին առնչութեամբ նոյնանման բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի ղեկավարութեան այլ բանալի հլու կամակատար մը՝ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հէյլիին՝ շեշտելով, որ Ամերիկայի շահերը առաջնահերթ կը դասուին ամէն բանէ:
Հոս տեղին է հարց տալ, թէ աշխարհի ամէնէն աւելի ժողովրդավար եւ ազատամիտ երկիրներէն մէկը նկատուող Միացեալ Նահանգները, պէտք չէ՞ որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւունքները արծարծող հարցեր նաեւ նկատի ունենայ իբրեւ առաջնահերթութիւն:
Այսպէս, այս խորհուրդին մէջ էր որ Լիպիա կախակայուեցաւ՝ օրուան ղեկավար Քազզաֆին խախտած ըլլալով մարդկային իրաւունքները: Նաեւ, այլ երկիրներու մարդկային իրաւունքներուն դէմ գործած ըլլալով՝ երկու տարի առաջ մերժուեցաւ Ռուսիոյ գործօն անդամակցութեան իրաւունքը: Միեւնոյն մերժումը ստացան նաեւ իրենց երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխած Պելոռուսը ու Ատրպէյճանը:
Հոս տեղին է ընդգծել Եւրոպական Միութեան մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Միութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն ու սկզբունքներուն, եւ թէ դժբախտաբար Միացեալ Նահանգները կը նահանջէ ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալեր պետութեան իր դերէն:
Մէկ խօսքով՝ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը կը նկատուի մարդկայնազուրկ… եւ իրաւազո՛ւրկ: