– Այնթապ քաղաքին մէջ, թուրք բնակիչներու եւ սուրիացի գաղթականներու միջեւ 19 Յունիսին ծագած վէճի մը պատճառով սպաննուած են երեք հոգի եւ վիրաւորուած 5 ուրիշներ:
– 20 Յունիսին, Թուրքիոյ Հաքքարի նահանգին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն եւ թուրք զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած է զինեալ ընդհարում մը, որուն հետեւանքով սպաննուած են առնուազն երկու թուրք զինուորներ:
– Մինչ Հիլըրլի Քլինթընի ընտրական հաւաքները հիւրընկալած քաղաքներուն մէջ հաւաքներուն օրերուն ֆիզիքական յարձակումերուն թիւը գրեթէ անփոփոխ մնացած է, այդ թիւը միջին հաշուով 2.3ով աւելցած է Տանըլտ Թրամփի հաւաքները հիւրընկալած քաղաքներուն պարագային։
– Մինչ 1998ին ամերիկացիներուն միայն 18 տոկոսը ունէր այն համոզումը, թէ նախագահ Պիլ Քլինթըն օրինակելի անձ մըն է նոր սերունդին համար, այդ համեմատութիւնը ներկայիս 29 տոկոսի հասած է՝ Տանըլտ Թրամփի պարագային։
– «Ուիքիփիտիա» համացանցային հանրագիտարանին մէջ գտնուող կենսագրական նիւթերուն միայն 17 տոկոսը կանանց նուիրուած է։