ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ՀՏՓ) անդամ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հայերը կը դիտարկեն ո՛չ թէ իբրեւ հաւասար հայրենակիցներ, այլ իբրեւ գերիներ եւ այդ պատճառով է, որ կը շարունակեն միջամտել Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին։
Կարօ Փայլան այս յայտարարութիւնը ըրաւ «Պիանէթ» կայքին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն արձագանգեց նաեւ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Փայլան շատ խիստ նախադասութիւններով մեկնաբանեց զարգացումները՝ նշելով. «Ես երկար տարիներ պայքարած եմ հայ համայնքի աւելի լաւ կառավարման համար ու ամէն անգամ պետութեան ձեռքը փորձած է միջամտել մեր համայնքի ղեկավարման։ Դժբախտաբար, այս պահուն, պատրիարքարանը գրաւուած է վերակացուի մը կողմէ ¤խօսքը Արամ արք. Աթէշեանի մասին է), որ կը համագործակցի պետութեան հետ։ Ես յստակ կերպով կրնամ յայտարարել, որ ան դրածոյ մըն է եւ կը գործակցի պետական կառոյցներուն հետ, պատրիարքական ընտրութիւններուն արգելք ըլլալու համար», ըսաւ Փայլան։
Ըստ երեսփոխանին իրադրութիւնը կրնայ փոխուիլ միայն այն ատեն, երբ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մթնոլորտին մէջ փոփոխութիւններ կատարուին։ «Եթէ Անգարայի մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատուին, անիկա անպայման դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ հայ համայնքին վրայ։ Հայ համայնքը վերջապէս կարելիութիւնը կրնայ ունենալ պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու, բան մը որ մեր համայնքի իրաւունքն է», նշեց երեսփոխանը՝ ընդգծելով, որ համայնքի միակ փափաքը նոր պատրիարք ընտրելն է։
Փայլան յայտնեց, որ պատրիարքի ընտրութեան հարցին վերաբերեալ խօսած է նաեւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ «Վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին ըսի, որ հայ համայնքը, որուն գլխուն վերակացու մը նշանակուած է, Թուրքիոյ ամօթն է։ Այս մէկը անթոյլատրելի է», ըսաւ հայ երեսփոխանը։
Պատրիարքարանի դիւանը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, թէ ցաւով ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Փայլանի յայտարարութիւններուն։ Այնտեղ դիտել կը տրուի, որ ընտրութեան նախորդող այս օրերուն բոլորովին անտեղի եւ անօգուտ է պատրիարքական ընտրութեան նման հարցեր օրակարգի բերելը։
Նշենք նաեւ, որ Փայլան ընտրական քարոզչական վերտառութեան պաստառ մը կախել տուած է Քնալըի հրապարակին վրայ։ Վերտառութիւնը ամբողջովին հայերէն է։ Անոր վրայ գրուած է. «Քուէ մը Տեմիրթաշին, քուէ մը ՀՏՓին։ Ձեզմով կը փոխուի»։
Պատրիարքարանի դիւանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ՝ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։ Աւելի՛ն, այս յայտարարութիւններու երկրէն դուրս ստեղծած արձագանգը կրնայ թիւրիմացութիւններու տեղի տալ իր բնոյթով։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիի մատնուած է ամբողջութեամբ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներքին ազդակներէն բխած դրդապատճառներով։ Ուստի, անընդունելի է, որ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն նախորդող մթնոլորտին մէջ այս խնդիրը հանրային կարծիքին առջեւ վերածուի քարոզչութեան միջոցի մը ու ներքին քաղաքականութեան նիւթ դարձուի։ Անտարակոյս, մեր համայնքի յաչս հանրային կարծիքի հեղինակութեան տեսակէտէ շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլայ՝ եթէ այս խնդիրին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու եւ արժեւորումներու ժամանակ աւելի նախանձախնդիր ոճ մը օգտագործուի եւ աւելի առարկայական մօտեցումներ ցուցաբերուին։ Քննադատութիւններու նկատմամբ հանդուրժողութեամբ հանդերձ, այս նիւթը մեր բոլորին տեսակէտէն հասարակաց զգայնութիւն մըն է։ Այս առթիւ կը մաղթենք, որ ընտրութիւնները բարեբեր ըլլան մեր երկրին համար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր համայնքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք զանազան քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած են»։