ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հրապարակած զեկոյցին համաձայն՝ 2018ի Յունուարէն Մայիս ժամանակաշրջանին, 2017ի Յունուարէն Մայիսամիսներուն հետ համեմատած՝ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 8.6 տոկոսով: Այս տարուան Մայիս ամսուն, Ապրիլին հետ համեմատած՝ աճը եղած է 10.4 տոկոս, իսկ 2018ի Մայիսին, 2017ի Մայիսին հետ համեմատծ՝ աճը եղած է 5.4 տոկոս:
Յունուարէն Մայիս ամիսներուն, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 3.3 տոկոսով, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը՝ 1.5 տոկոսով, շինարարութիւնը՝ 17.4 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 10.2 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալի աճը (առանց առեւտուրի)՝ 17.5 տոկոսով: