Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողոկոսի հրաժարականի պահանջով՝ վերջին օրերուն իրարու յաջորդող կոչերը, նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ Ս. Էջմիածինի անմիջական հարեւանութեամբ կազմակերպուած ցոյցերը մտահոգութիւն պատճառած են Հայց. եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդներուն, որոնք ողջախոհութեան եւ սթափութեան հրաւիրող հետեւեալ կոչը հրապարակեցին.
ՀՐԱՒԷՐ ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ
Սիրելի հայորդիներ եւ հայրենակիցներ,
Ցաւով կը հետեւինք, այս օրերուն, հայրենի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որոնք առընչուած են մեր եկեղեցական կեանքին: Մտահոգ ենք յառաջացած իրավիճակով:
Հայոց մեր Սուրբ եկեղեցին մշտապէս եղած է եւ կը մնայ իր ժողովուրդի կողքին՝ ամէնուն բերելով Քրիստոսի սէրն ու մխիթարութիւնը: Որպէս եկեղեցի՝ մեր առաքելութիւնը ա՛լ աւելի կը նուիրագործուի սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ուր՝ օրէ օր, մեր հայորդիներու օտարացման վտանգը կը մեծնայ:
Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց հայրապետին շուրջ, երկխօսութիւնը՝ հիմնուած սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան վրայ:
Եւրոպայի թեմերու առաջնորդներու մեր պատգամն է մեր սիրասուն հայորդիներուն, որ տուրք չտան ծայրայեղականութեան եւ պատեհապաշտութեան, մշտամրմունջ աղօթքով սատարեն մեր երկրին ու մեր Մայր եկեղեցւոյ: «Ունկնդիր լերուք առաջնորդաց ձերոց, եւ հպատակ կացէք նոցա, զի նոքա տքնին վասն ոգւոց ձերոց, որպէս թէ համարս տալոց իցեն ընդ ձեր». (Եբր. ԺԳ. 17):
Վահան եպս. Յովհաննէսեան՝ Առաջնորդ Ֆրանսայի Եւ Հայրապետական պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի
Տաթեւ եպս. Յակոբեան՝ Առաջնորդ Ռումանիոյ
Յովակիմ եպս. Մանուկեան՝ Առաջնորդ Մեծն Բրիտանիոյ Եւ Իրլանտայի
Սերովբէ վրդ. Իսախանեան՝ Առաջնորդ Գերմանիոյ
Գուսան վրդ. Ալճանեան՝ Զուիցերիոյ Առաջնորդական Տեղապահ
Տիրան վրդ. Պետրոսեան՝ Հայրապետական Պատուիրակ Կեդրոնական Եւրոպայի
Խորէն վրդ. Առաքելեան՝ Առաջնորդական Տեղապահ Յունաստանի