ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, 17 Յունիսին, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Ղարաբաղեան Շարժման ակունքներուն կանգնած Իգոր Մուրադեանը:
Մուրադեան վերջերս Ուաշինկթըն եղած էր բժշկական խնամք ստանալու: Իգորի անուան հետ կապուած են Արցախի Հայասատանին միանալու ստորագրահաւաքի նախաձեռնութիւնը եւ Արցախեան ժողովրդային առաջին ցոյցերու կազմակերպումը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով Մուրադեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կազմակերպուի պետականօրէն: