ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Ամառնային Արձակուրդ» խորագրուած կատակերգական ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ եւ Կիրակի, Յուլիս 7-8ին, 14-15ին եւ 21-22ին, Պըրպենքի «Քալընի» թատերասրահին մէջ (555 N. 3rd St., Burbank, CA 91502)։ Շաբաթօրեայ ներկայացումները պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ Կիրակի օրերու ներկայացումները՝ երեկոյեան ժամը 8ին։
Լորի Թաթուլեանի հեղինակած ներկայացման պիտի մասնակցին Մերի Պասմաճեան, Հելէն Քալոկնոմոս, Էնտրու Քափամաճեան, Լուտվիկ Մանուկեան, Ալեքս Մաշիքեան, Գէորգ Թիւթիւնճեան, նաեւ հեղինակը եւ հիւր դերակատարներ։
Անիկա պատկեր մըն է Հայրապետեաններուն Լաս Վեկասի մէջ անցուցած ամառնային արձակուրդէն, համեմուած՝ քաղաքական բանավէճերով եւ բամբասանքներով։
Մուտքի նուէրը 40 տոլար է։
Տոմսերը կարելի է ապահովել www.itsmyseat.com/bigbadarmo կայքէջէն։