ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ կրթական 2017-2018 տարեշրջանի աւարտին, շրջանաւարտ եղող աշակերտներէն շատերը ընդունուած են շարք մը հեղինակաւոր համալսարաններ, կամ՝ անոնց սպասման ցանկերուն վրայ են։
Այդ համալսարաններն են Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Փոմոնայի, Սան Լուիս Օպիսպոյի, Չենըլ Այլընտզի, Ֆուլըթընի, Լոնկ Պիչի, Լոս Անճելըսի, Նորթրիճի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ «Լոյոլա Մերիմաունթ», «Մաունթ Ս. Մերիզ», Նիւ Եորքի համալսարան, Փասատինայի քաղաքային քոլեճ, «Փեփըրտայն», Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի, Ըրվայնի, Լոս Անճելըսի, Մըրսետի, Ռիվըրսայտի, Սանթա Պարպարայի, Սանթա Քրուզի եւ Սան Տիէկոյի մասնաճիւղերը, «Վենկարտ», «Ուիթիըր» եւ «Պայոլա»։
Յատկանշական է, որ բոլոր շրջանաւարտները որոշած են համալսարանական ուսման սկսիլ յառաջիկայ տարի: Այս բոլորին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է վարժարանի խորհրդատուական խմբակը, որ իւրաքանչիւր քայլափոխի աջակցած է ուսանողներու դիմումներուն:
Շարունակելով վարժարանին աւանդութիւնը, շրջանաւարտ երեք ուսանողներ՝ Վիքթորիա Սինքուէկրանի, Անուշ Ղուկասեան եւ Գուրգէն Հապէշեան «Ուիթիըր» համալսարանէն ստացած են Ճան Կրինլիֆ Ուիթիըրի անուան տարեկան 29,000 տոլարի կրթանպաստի խոստումը։ Անոնք այս իրագործումին հասած «Մեսրոպեան»ի 9րդ, 10րդ եւ 11րդ շրջանաւարտները կը հանդիսանան։
Նաեւ, Սերլի Շանլեան թեկնածու է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ հայագիտական-ուսուցչական միացեալ ծրագիրին մասնակցելու։