ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստին որոշում կայացուած է պայմանականօրէն ազատ արձակելու երկու կասկածելիներ:
Արդարեւ, ազատ արձակուած են Տինքի սպանութեան օրերուն Սամսունի ոստիկանութեան աշխատակից Եաքուպ Քուրթարան ու Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժինի աշխատակից Օզքան Մումճուն:
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարանին կայացուցած այս վճիռով, կասկածեալներուն արգիլուած է երկրէն դուրս գալ: