ԱՍՊԵՏ Պ.
Ժողովուրդին վստահութիւնը շահած վարչապետին ամէն գնով պէտք է աջակցիլ, որ ան իր առաջադրած հիմնական խնդիրները, որոնք ժողովուրդի պահանջներէն կը մեկնին, կարենայ լուծել առանց ցնցումներու:
Երկուշաբթի օրուան կառավարութեան նիստի ընթացքին վարչապետին դրսեւորած կոշտ վերաբերմունքը՝ քննարկուած հարցին (պարտադիր կուտակային համակարգ) սկզբունքային գետնի վրայ հակադրուող դաշնակցական նախարար Արծուիկ Մինասեանի հանդէպ, բաւական անհանգստացնող էր, իսկ նոյն կարծր կեցուածքին պատճառով մէկ օր ետք, վարչապետին իսկ թիմակիցներէն՝ «Ելք» դաշինքի անդամ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան անդամ, ընկերային ապահովութեան նախարար Մանէ Թանդիլեանի հրաժարականը պէտք է սթափեցնող ազդակ դառնայ ու որոշ սրբագրութիւններու մղէ իշխանութեան գլուխ կանգնած ղեկավարը:
Կառավարութեան ժողովները հանրութեան աչքին առջեւ գումարելու խիզախութիւնը կը պահանջէ նաեւ ժողովրդավար ղեկավարման ոճի կիրառում, որուն շնորհիւ՝ նախարարներու քննարկումներուն հետեւողները կրնան վստահիլ, որ իշխանական աթոռները գրաւողները լայն հասարակութեան շահերը պաշտպանելու ինչպիսի՛ որակ կը ցուցաբերեն, ի՛նչ զիջումներու կ՛երթան, եւ ինչո՛ւ կ՛երթան նման զիջումներու, յատկապէս՝ իրենց նախապէս յայտարարած սկզբունքային կեցուածքներուն կապակցութեամբ: Եթէ քննարկումները անիմաստ են եւ եթէ բոլոր օրակարգերու պարագային նախարարները պարտաւորուած պիտի ըլլան քուէարկելու վարչապետի ցուցմունքով, ապա այս նիստերուն հրապարակայնացումը աւելի՛ վնաս պիտի պատճառէ վարչապետին՝ ժխտական երանգ մը տալով իր կերպարին, բան մը, որ վնասակար է բոլորիս դատին:
Կը յուսանք, որ այս առաջին ընդվզումները (տես նաեւ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի անդրադարձը այս հարցին՝ էջ 11) վարչապետին կը փոխանցեն շրջահայեաց ըլլալու պատգամը:
Ականջ ունեցողը թող լսի՛ քանի ուշ չի. . .