ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 Յունիսին ընդունեց Միջազգային ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան (IYDU) անդամներ:
IYDU-ի անդամները այս օրերուն Հայաստան կը գտնուին՝ մասնակցելու «Ժողովրդավարութիւնը՝ գործողութեան մէջ» խորագիրով հաւաքին:
Սարգսեան հանդիպման ընթացքին պատասխանեց Միջազգային ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, Հայաստանի անվտանագութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն: