ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Յունիս 7ին յայտարարեցին, որ կը հեռանան Մընպեճէն։
Ջոկատները, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեցին, որ քաղաքին «զինուորական խորհուրդը մարզումի ոլորտին մէջ ինքնաբաւութեան հասնելէ ետք»՝ որոշած է հեռացնել իր զինեալները, սակայն պիտի շարունակէ ահաբեկչութիւնը հետապնդել, եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Մընպեճին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Մընպեճի քիւրտ զինեալներէն ամերիկեան զէնքերու վերստանձնումի հոլովոյթը պիտի սկսի 10 օրէն, եւ քաղաքին համար
պատրաստուած ճամբու քարտէսը պիտի գործադրուի նաեւ այլ քաղաքներու մէջ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Յունիս 6ին յայտարարած էր, թէ նշեալ ծրագիրը պիտի գործադրուի 90 օրուան ընթացքին:
Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Մընպեճի մէջ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Պաղտատի եւ հիւսիսային Իրաքի քիւրտերու կառավարութեան միջեւ քառակողմ գործակցութիւն պիտի ըլլայ: Մեծամասնութեամբ արաբներով բնակուած քաղաքներուն մէջ, վարչական եւ ապահովական դիրքերու վրայ պիտի ըլլան արաբները, իսկ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած քաղաքները պիտի կառավարեն «ահաբեկչական կազմակերպութեանց» չառնչուած քիւրտեր: