ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Փարիզի Հայ ուսանողներու տան մէջ, Կիրակի, Մայիս 20ին տեղի ունեցաւ Հայ թատրոնի ընկերակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած ընթերցում մը, որուն խորագիրն էր՝ «Անկախութեան ձգտումը եւ Լեւոն Շանթ», կեդրոնացած՝ առաջին Հանրապետութեան շրջանին Լեւոն Շանթի կեանքին, գործունէութեան ու գաղափարներուն, անոր յուշերուն ու ընկերաբանական գրութիւններուն եւ այդ ժամանակաշրջանին անոր ստեղծագործած թատրերգութեան՝ «Շղթայուած»ին վրայ: Ընթերցումը կը շեշտէր Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, պատերազմական կացութեան եւ քաղաքական անկայուն պայմաններու մէջ հայութեան՝ անկախութեան համար մղած պայքարին կարեւորութիւնը, յատկապէս բոլշեւիկեան Ռուսիոյ հետ փոխյարաբերութիւններու ծիրին մէջ:
Առաջին բաժինը անկախութեան շրջանի պատումն էր, թէ ինչպէս Լեւոն Շանթ ներգրաւուած է քաղաքականութեան մէջ, ինչպէս անցած է ՀՅԴի շարքերը եւ ինչպէս Լօզանէն զինք Երեւան հրաւիրած են, որպէսզի յանձն առնէ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահութեան պաշտօնը: Ան ղեկավարած է ա՛յն եռանդամ յանձնախումբը, որ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի անկախութեան համաձայնագիրը կնքած է 1919 թուականին:
Ընթերցումին մէջ բաւական երկար բաժին մը կար, որ կը պատմէր այդ օրերուն Շանթի ապրած փորձառութեանց մասին՝ ռուսերու հետ բանակցութիւններու ընթացքին, որոնցմէ ի յայտ կու գայ անոնց ետին գտնուող խաղերն ու ռազմաքաղաքական հարցերը, եւ թէ իրենք որքանով գիտակից էին ռուսական կողմի նպատակներուն, որոնք ժամանակ կը շահէին՝ մէկ կողմէ նիւթական եւ ռազմական օժանդակութիւն հասցնելով թուրք պետութեան, միւս կողմէ, Կովկասի եւ Հայաստանի մէջ բերդը ներսէն գրաւելու խաղը կիրարկելով: Ներկայացուեցան նաեւ Փետրուարեան ապստամբութեան դր-ուագները:
Լեւոն Շանթ, իբրեւ թատերագիր-մտաւորական կը հրաւիրուի քաղաքական ասպարէզ իր դաշնակցական ընկերներուն կողմէ: Ան ինքնաբուխ քաղաքական գործիչ մը չէ եղած: Սակայն, հակառակ Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի նախագահութեան խիստ պատասխանատու պաշտօնը վարելուն, բնաւ չէ դադրած թատերագիր ըլլալէ, գրական ասպարէզին նուիրուած մնալէ:
Շանթի կենսագրութեան վերաբերող հատուածը գրի առնուած է Աւետիս Ահարոնեանի զաւակին՝ Վարդգէս Ահարոնեանի կողմէ, երբ Լ. Շանթ շուրջ 80 տարեկանին Նիւ Եորք գացած էր՝ Պէյրութի Ճեմարանին ի նպաստ հանգանակութիւն կազմակերպելու: Ընթերցումը կը ներառէր նաեւ Սիմոն Վրացեանի յուշերէն հատուածներ:
Հայ թատրոնի ընկերակցութեան կազմակերպած այս ընթերցումը իւրայատուկ էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ առաջին անգամն ըլլալով ընթերցումի նիւթ կը դառնային նաեւ յուշագրական, ընկերաբանական եւ ընթացիկ հրապարակագրական գրութիւններէ քաղուած հատուածներ, ուր առանցքային դեր կը կատարէին Շանթի 1922-23ի ընկերաբանական գրութիւնները, որոնց կեդրոնական մտասեւեռումը կը մնար Հայաստանի անկախութեան պահանջը, որ կը հանդիսանայ իբրեւ երկրի եւ ժողովուրդի մը մեծագոյն նուաճումը, զոր Շանթ կը դարձնէ նոյնիսկ պաշտամունքի առարկայ: Այս կապակցութեամբ, ան կ՛ըսէ, թէ հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը փոխարինուած է նոր դաւանանքով մը. «Հիմա այդ հին կրօնին տեղ բռներ է նոր կրօն մը, հին եկեղեցին փոխարինուած է նոր եկեղեցիով մը: Այդ նոր դաւանանքն է ժամանակակից մարդկութեան ամէնէն բարձր, ամէնէն արդար եւ ամէնէն ազնիւ ըմբռնումը՝ ազգերու հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման եւ ազգերու անկախութեան դաւանանքը: Եւ մեր նոր դաւանանքին տաճարը մեր հայրենի հողն է, մեր հայրենիքը, որուն լրիւ ու ազատ տիրացմանը պէտք է ձգտինք, ու կը ձգտինք»:
Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը զուգադիպեցաւ նաեւ երկրին մէջ Փաշինեանի գլխաւորած ցոյցերուն, թէեւ քաղաքական ու ընկերային պայմանները բնաւ նոյնը չեն, սակայն, ուրախանալի էր, այս առթիւ տեսնել հայ ժողովուրդի միահամուռ ոտքի կանգնիլը՝ մերժելու համար ստրկացումը, այս անգամ ոչ թէ արտաքին ուժերու ենթակայութեան պայմաններուն մէջ, այլ՝ ներքին հայկական կառավարութեան կողմէ իր ժողովուրդը ստրկացնող պարագաներուն դէմ:
Այս ընթերցանութեան առթիւ բեմադրիչ Արբի Յովհաննիսեանի ընդգծած կարեւոր երեւոյթներէն մէկը այն էր, որ Շանթի ծննդեան թուականին՝ 1869ին, մշակութային եւ գրական կարեւոր երեք այլ դէմքեր ալ աշխարհ եկած են՝ Կոմիտաս, Յովհաննէս Թումանեան եւ Երուանդ Օտեան: Դժբախտաբար Լեւոն Շանթ անտեսուած գրող եւ թատերագիր մը եղած է, յատկապէս Սովետական Հայաստանի մէջ, հակառակ իր թատերական ու գրական հսկայական ժառանգութեան: Թէեւ անկախութենէն ասդին, իր հիմնադրած Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը Հայաստանի մէջ ստեղծած է իր կեդրոնը եւ մշակութային գործունէութիւն ծաւալած, սակայն, անոր թատրոնը դեռ կը մնայ անհասանելի: Բացի Սունդուկեանի մէջ Շանթի «Հին Աստուածները» գործի մէկ բեմադրութենէն, անկախութեան 27 տարիներուն ոչ մէկ այլ բեմադրութիւն տեղի ունեցած է: Երեւանի Համազգայինը նոյնիսկ իր հիմնած թատրոնին զլացաւ Լեւոն Շանթի անունը, նախընտրելով Սօս Սարգսեանինը, որ՝ որքան ալ սիրուած ու տաղանդաւոր, եղած է մասնաւորապէս սովետական շրջանի հայկական ֆիլմուեստի դերասան, եւ չունի ու չէ ունեցած Լեւոն Շանթի թատերական ու կրթական ներդրումի բարձր մակարդակը:
Թերեւս կ՛արժէ նշել, որ Շանթի ընկերաբանական յօդուածները, անկախ իրենց բովանդակած ինքնուրոյն գաղափարներէն, օգտակար են յատկապէս արծարծուած նիւթերուն մէջ թափանցումի եւ բնականաբար իրենց իւրայատուկ մեկնաբանութեան առումով: Հայ թատրերագրութեան մէջ չունինք այլ թատերագիր մը, որ ունենայ տեսական ու գաղափարական գրականութիւն, որ գեղարուեստական գրականութեան մեկնաբանութեան վրայ շատ արժէքաւոր լոյս կը սփռէ:
Անկախութեան հարիւրամեակը թերեւս առիթ կ՛ըլլայ որ անոր թատերական, կրթական ու քաղաքական գործունէութեան կարեւորութիւն տրուի, որպէսզի յատկապէս անոր թատերական գործերը իրենց նպաստը բերեն Հայաստանի մշակութային կեանքի զարթօնքին: