ԿԱԶԱ, «Սի.Էն.Էն.».- Յունիս 2ին, Կազայի մէջ տեղի ունեցաւ պաղեստինցի 21ամեայ հիւանդապահուհի Ռազան Նաճճարի յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակիցները ու պաղեստինեան մարդկանց իրաւունքներու միութիւնները պահանջեցին դատի կանչել Իսրայէլը՝ հիւանդապահուհիին սպանութեան համար:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն մօտաւորապէս 120 պաղեստինցի ցուցարարներ սպաննած եւ 13,000է աւելի մարդ վիրաւորած իսրայէլացի զինուորները Նաճճարը սպաննեցին, երբ ան կը փորձէր պաղեստինցի վիրաւոր ցուցարարի մը նախնական դարմանում տրամադրել Կազա-Իսրայէլ սահմանին մօտերը:
Շաբաթավերջին, իսրայէլեան օդուժը նաեւ շարք մը յարձակումներ գործեց Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան դիրքերուն դէմ, իսկ վերջիններս հակադարձեցին հրթիռներ արձակելով բռնագրաւեալ հողերուն ուղղութեամբ: