ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, Յունիս 3ին նախընտրական ելոյթ մը ունեցաւ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակեցուած Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ, որ յատուկ կարեւորութիւն ունի քրտական հարցին համար։
Էրտողան ըսաւ, որ քաղաքը անջատողականութեան քաղաք չէ՛, այլ՝ եղբայրութեան քաղաք, եւ աւելցուց, որ այլեւս Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց չկայ, այլ կայ «ահաբեկչութեա՛ն հարց, ու մենք այդ հարցն ալ լուծելու վրայ ենք»։
Ան նաեւ պնդեց, թէ քիւրտերուն հայրենիքը Թուրքիա՛ն է։