ԵՐԵՒԱՆ.- Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»ի ռուսական ծառայութեան տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։
«Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու քննարկած ենք նաեւ ղարաբաղեան հարցը: Շատ կարեւոր եղած է ընդգծելը, որ հարցին խաղաղ կարգաւորումը խնդիրի լուծման միա՛կ ճանապարհն է: Այստեղ չկայ որեւէ ուժային լուծումի տարբերակ: Ատիկա ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ռուսիոյ դիրքորոշումն է: Բարձրացուցած եմ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցը: Կը կարծեմ, որ մենք կառուցողական քննարկում ունեցած ենք», ըսած է Փաշինեան:
Ան նաեւ նշած է, որ ինք բարեկամաբար տրամադրուած է թէ՛ Փութինի եւ թէ ԵԱՏՄ անդամ միւս պետութիւններու ղեկավարներուն նկատմամբ: «Վստահ եմ, որ այդ յարաբերութիւնները շատ աւելի լաւ պիտի դառնան», ըսած է ան:
«Հայաստանը խաղաղ երկիր է, հայ ազգը խաղաղասէր է: Միեւնոյն ժամանակ, մեզի համար կարեւոր են մեր երկրին շահերը: Մենք սերտ յարաբերութիւններ ունինք Ռուսիոյ հետ, եւ ես յոյս ունիմ, որ այդ յարաբերութիւնները պիտի դառնան աւելի խոր», աւելցուցած է ան:
Փաշինեան ընդգծած է նաեւ, որ Հայաստան շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Եւրոմիութեան, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Վրաստանի եւ բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք կ՛ուզեն ու պատրաստակամ են զարգացնելու Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը:
Խօսելով Սոչիի մէջ կայացած ԵԱՏՄ վեհաժողովին մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ այնտեղ դրական մթնոլորտ կար: «Կը կարծեմ, որ այս փուլին արդէն ձեւաւորուեցան շատ լաւ անձնական յարաբերութիւններ», եզրափակած է ան։