ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքը որպէս դրամի աղբիւր դիտարկելը ճիշդ չէ: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի ընդմիջման ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին իր մտահոգութիւնը յայտնեց այս առընչութեամբ:
«Մենք կը խօսինք ազգային միասնութեան մասին, կը խօսինք այն մասին, որ ասիկա փոքր երկիր է, բայց մեծ ազգ՝ աշխարհի տարածքին: Շարժման օրերուն մենք տեսանք, թէ ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներէ մեր հայրենակիցները աշխոյժօրէն կը մասնակցէին: Ոմանք աշխոյժ էին ընկերային ցանցերու վրայ, ոմանք՝ անձամբ կու գային: Հիմա հարցը այն է, որ արդեօք Սփիւռքը իսկապէս անոր համար է, որ դուրսէն դրա՞մ ուղարկէ եւ որեւէ իրաւունքներ, մասնակցութիւն չունենայ երկրի զարգացման գործին մէջ: Ես կը կարծեմ, որ այդ բացարձակապէս սխալ մօտեցում է», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ըսաւ Արմէն Սարգսեան: Նախագահը ընդգծեց, որ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները պէտք է ունենան ե՛ւ պարտականութիւններ, ե՛ւ իրաւունքներ:
«Մեր նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ ճիշդ, ազնիւ, բաց ձեւով Սփիւռքը ներգրաւելը երկրի զարգացման գործին մէջ: Այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կան հոգեբանական իրաւական պատնէշներ եւ մենք զանոնք պէտք է վերացնենք: Եթէ զանոնք չվերացնենք, ապա սփիւռքահայը կը շարունակէ դիտարկուիլ իբրեւ օգնող եւ Հայաստանի մէջ իրաւունքներ չունեցող, ճիշդ չէ: Գուցէ օր մը հասնինք անոր, որ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները, որոնք Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունին, հնարաւորութիւն ստանան մասնակցելու ընտրութիւններու», ըսաւ Արմէն Սարգսեան: