ԴՈԿՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ Գ. ՄՈՄՃԵԱՆ
Այս յօդուածը կարճ տարբերակն է 5 Մայիսին, Քալիֆորնիոյ CSUN համալսարանին մէջ ներկայացուած իմ զեկոյցին, որ մաս կը կազմէր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովին:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի նախաքայլը հանդիսացաւ 1916ին, Թիֆլիսի մէջ կեանքի կոչուած Հայ Ազգային Խորհուրդը. անոր կազմութիւնը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն ունէր 6 անդամներ, Ժողովրդային կուսակցութիւնը՝ 2, Սոցիալ դեմոկրատները՝ 2, Սոցիալ յեղափոխականները՝ 2 անկուսակցականներ՝ 3. անդամներու ընդհանուր թիւը 15 էր։
Խորհուրդը հանդիսացաւ այն միջավայրը, ուր կուսակցութիւնները թերեւս առաջին անգամ ըլլալով սկսան սորվելու իրար հետ աշխատիլ:
1918ի Մայիսեան յաղթանակներէն ետք էր որ խորհուրդը փոխադրուեցաւ Երեւան եւ Օգոստոսին կուսակցութեանց անդամներու եռապատկումով կազմուեցաւ երկրի առաջին, ոչ-ընտրուած խորհրդարանը, հետեւեալ կազմով.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ 18
Ժողովրդային կուսակցութիւն՝ 6
Սոցիալ Դեմոկրատներ՝ 6
Սոցիալ Յեղափոխականներ՝ 6
Անկուսակցականներ՝ 2
Թաթար՝ 6
Ռուս՝ 1
Եզիտի՝ 1
Ընդհանուր՝ 46
Ծայրայեղ Ձախ Թեքումը
Պէտք է հոս ընդգծել, որ հակառակ այս խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութեան, ծայրայեղ ձախակողմեան կուսակցութիւնները յատուկ ժողովրդականութիւն չէին վայելեր Հայաստանի հանրապետութեան մէջ: Սոցիալ դեմոկրատներն (Պոլշեւիկ) ու Սոցիալ յեղափոխականները (Մենշեւիկ) գրեթէ մէկ պլոք կը կազմէին մինչեւ Նոյեմբեր 1918: Անկէ ետք, սակայն, առաջինը որդեգրեց Հայաստանը Սովետական Միութեան միացնելու ծրագիրը, մինչ երկրորդը կը հաւատար Խորհրդային Միութեան մէջ դաշնակցային (ֆետերաթիւ) Հայաստանի մը:
Հնչակեան գործիչ Ստեփան Սապահկիւլեան այսպէս կը բնուդագրէ վերեւի երկու կուսակցութիւնները. «Եթէ կայ կուսակցութիւն մը (խօսքը՝ կը վերաբերի վերեւի երկուքին, որոնք այդ օրերուն տակաւին միասնական ճակատ կը կազմէին), խմբակցութիւն մը, հոսանք մը հայ կեանքին մէջ, որ հայ(կական) պետութեան կատարեալ անկախութեան թէզը չի պաշտպաներ, հայ պետութեան ամրապնդման, ուռճացման չի ձգտիր, իբրեւ կուսակցութեան հաւատամք, քրետօ, ապա անիկա հայ հասարակական, ազգային, պետական գործերու մէջ միջամուխ ըլլալու, այդ մասին խօսելու ոչ մէկ բարոյական, իրաւական իրաւունք ունի. անիկա կուսակցութիւն չէ այլեւս, այդ բառի գիտական, հասարակական նշանակութեամբ»:
Հայ Պասիվիստները ձախակողմեան մէկ այլ կուսակցութիւն էին, որ անդամ չունէին խորհրդարանին մէջ: Անոնք ՀՅԴէն հեռացած անդամներ էին, որոնք հեռացած էին առարկելով, որ Դաշնակցութիւնը ընկերվարութիւնը ընդունած էր իբրեւ շղարշ, մինչ իրականութեան մէջ անիկա ազգային կուսակցութիւն էր: Թէեւ ծայրայեղ ձախակողմեան թեքում ունէին, բայց չէին վայելեր հասարակութեան կողմնակցութիւնը:
Կեդրոնը՝ ՀՅԴ
Պէտք է ըսել, որ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարուէին Օգոստոս 1918ին՝ ՀՅԴն շատ աւելի մեծ թիւով պատգամաւորներ կ՛ունենար խորհրդարանին մէջ: Այս կ՛ընդգծենք՝ հիմնուելով կուսակցութեան վայելած ժողովրդականութեան: Տակաւի՛ն, 1907ի տուեալներով՝ Անդրկովկասի մէջ կուսակցութիւնը ունէր 165,000 գրանցուած անդամներ:
Այսուհանդերձ, պէտք է նաեւ ընդգծել, որ ՀՅԴն միատարր կուսակցութիւն չէր. անոր շարքերուն մէջ կային ազգայնականէն մինչեւ ծայրայեղ ձախակողմեաններ: Կը մնայ ըսել, որ այդ հանգրուանին, ՀՅԴն ընտրեց այնպիսի տակտիկա (մարտավարութիւն-Խմբ.), որ կ՛ենթադրէր գործել աջին ու ձախին հետ. այսպէս, սոցիալ (ընկերային) հարցերու պարագային անիկա ձախ կը թեքէր, իսկ ազգային հարցերու պարագային‘ աջ:
«Արեւելք» թերթի 7 Յունիս, 1918ի թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, մի կոնգլոմերատ (հսկայական համախմբում-Խմբ.) է, այլատարր մի կուսակցութիւն. նրա մէջ նստած են բուրժուական տարրերից սկսած մինչեւ բանուորը, միլիոնատէրից մինչեւ գիւղացին»:
Ըստ Ս. Սպանդեարեանի՝ «Դաշնակցութիւնը իրենից ներկայացնում է մի անասելի խորհուրդ բուրժուաների, բանուորների, գիւղացիների, ճորտերի ու (նրանց կեղեքող) կալուածատէրերի…
Աջ Թեքումը
Սա ներկայանում էր յանձինս Ժողովրդական կուսակցութեան (պոպուլիստներ), որ կազմուած էր Թիֆլիսի մէջ, 1917ին: Կուսակցութիւնը սկզբնական շրջանին, նախքան ՀՅԴի հետ կոալիցիոն կառավարութեան մէջ մտնելը ընդհանրապէս դէմ էր ՀՅԴին ու պնդում էր, որ ինք պէտք է ըլլայ իշխող կուսակցութիւնը, որովհետեւ արեւմուտքը առհասարակ աւելի լաւ վերաբերում կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, երբ անոր ղեկին նստած է աջակողմեան կուսակցութիւն մը:
Արեւմտահայութիւնը
Արեւմտեան Հայաստանէն Հայաստանի Հանրապետութիւն ճողոպրած բազմութիւնը, որ կը հաշուէր քանի մը հարիւր հազար հոգի, առաջին տարին ընդհանրապէս դուրս ձգուեցաւ քաղաքական ասպարէզէն: Այս ժողովրդավարական հասկացողութեան կոպիտ խախտում մըն էր ինքնին…
Արեւմտահայութեան ստուար մասը ՀՅԴի հետեւորդներ էին, սակայն, կային նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հետեւորդներ:
Պէտք է ընդգծել, որ ռամկավարներու մօտիկ գործակցութիւնը Արեւելահայ ժողովրդայիններուն հետ անոնց կու տար հարցերուն հետամուտ ըլլալու որոշ հնարաւորութիւն, մինչ հնչակեանները ամբողջովին անտեսուած կը մնային: Թէ՛ ռամկավարները եւ թէ հնչակեանները ընդհանրապէս խնդիր ունէին ՀՅԴի վարած քաղաքականութեան հետ: Հետեւաբար, երկուքն ալ լծուեցան արեւմտահայ զանգուածներու բարօրութիւն ապահովելու ու անոնց կարիքները հոգալու կարեւոր գործին. աւելի’ն, Արսէն Կիտուրի իսկ խօսքերով՝ «Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութեանց արտերկրի միաւորները միշտ հաւատարիմ մնացին անկախ Հայաստանի տեսլականին, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք խնդրայարոյց կը տեսնէին ՀՅԴի այսպէս ասած «երկրի ղեկը իր ձեռքերուն մէջ պահելու անտրամաբանական մարմաջը»:
Այսուհանդերձ, պէտք է հոս ալ ընդգծել որ արեւմտահայ այս երկու կուսակցութիւնները ամբողջովին թեւ եւ թիկունք էին Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան:
Այսպէս, Ստեփան Սապահկիւլեան կը գրէ. «Ունինք պետութիւն. այդ մերն է. այդ մեր արեան, մեր կեանքին գնով յառաջացած է: Ան ամբողջ հայութեան նորածին զաւակն է: Հարկաւոր է զայն պահել, սնուցանել, զարգացնել ու զայն ապահովել՝ սպառնացող բոլոր վտանգներէն…»։
Սուփըր-խորհրդարանական Դրութի՞ւն
Անշուշտ, շատ բան կայ գրելիք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանական դրութեան մասին, ինչպէս նաեւ կան անկէ քաղելիք դասեր, որոնք սակայն, ըստ արժանուոյն, չենք ըմբռնած:
Այսպէս, օրինակ՝ խորհրդարանը պէտք է ըլլար լիովին ժողովրդավարական: Թուղթի վրայ այնպէս էր ամրագրուած, որ խորհրդարանը երկրի ամենաբարձր ուժն է, սակայն, իրականութեան մէջ, այդպէս չէր: Կառավարութիւնը շատ մը պարագաներու ինքզինք ազատ կը զգար որոշումներ կայացնելու՝ առանց զանոնք խորհրդարանի բովէն անցընելու, հակառակ այն իրողութեան, որ անիկա պէտք էր ամբողջովին խորհրդարանի հսկողութեան ներքեւ ըլլար: Աւելի’ն, իրականութեան մէջ, կառավարութիւնը իշխող կուսակցութեան վերի մարմինին ենթակայ էր: Այս հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի բաւական դիպուկ գրութիւններ ունի: Ան միակ վարչապետն էր, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ փորձեց կառավարութիւնը հեռու պահել ՀՅԴ բարձրագոյն մարմինին ենթակայ ըլլալու հարկադրանքէն: Թերեւս այս պատճարով էր նաեւ, որ ան դուրս բերուեցաւ վարչապետի պաշտօնէն ու ղրկուեցաւ արտերկիր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան համար հանգանակութիւններ կազմակերպելու:
Այս առումով, Քաջազնունի, իր «ՀՅ Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի Այլեւս» գործին մէջ կը գրէ. «Խորհրդարան չկար Հայաստանում. (դա) մի դատարկ ձեւ էր առանց պարունակութեան: Պետական հարցերը քննութեան էին առնւում ու լուծւում դռնփակ, դաշնակցական ֆրակցիայի սենեակում ու ապա յայտարարւում պարլամենտի ամպիոնից: Իրօք չկար պարլամենտական ֆրակցիա, որովհետեւ սա դրուած էր Դաշնակցութեան Բիւրոյի խիստ հսկողութեան ներքեւ ու պարտաւոր էր կատարել՝ նրա հրահանգները…»
Կոալիցիոն
Կառավարութիւնը,
Օգոստոս 1918էն 5 Յունիս 1919
Հակառակ իր ու Ժողովրդականներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց, այսպէս կոչուած ձախ թեքում ունեցող ՀՅԴն որոշեց կոալիցիոն կառավարութիւն ունենալ աջակողմեան պոպուլիստներուն հետ: Արդէն այլ ձեւ ալ չկար, որովհետեւ ձախը ընդհանրապէս դէմ էր անկախութեան, ինչպէս վերեւը յստակացուցինք։
Տակաւին կար այն հարցը, որ ՀՅԴն պէտք էր կոալիցիոն կառավարութիւն կազմէր, որովհետեւ ինք մեծամանսութիւն չէր խորհրդարանին մէջ:
Աւելին, Ռիչըրտ Յովաննէսեան այն կարծիքին է, որ ՀՅԴն որոշեց նման կոալիցիա, տուրք տալով Ժողովրդականներու այն պատկերացումին, որ նման բան կրնայ լաւ դիտուիլ Արեւմուտքի դաշնակիցներուն կողմէ եւ կրնայ դրամագլուխ եւ խիստ կարեւոր օգնութիւններ բերել սովի ու համաճարակներու մէջ գտնուող երկրին:
Պէտք է ընդգծել, որ թէեւ կոալիցիոն կառավարութիւնը կրնայ դիտուիլ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան փետրաւորուող ժողովրդավարութեան ամենափայլուն օրինակներէն մէկը, այսուհանդերձ, կոալիցիոն ժամանակահատուածը ցոյց տուաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ ընդելուզումը (իմա՝ սիներգիան) շատ ցած մակարդակի էր ու նոյնիսկ այդ մէկը ամբողջովին անգոյ դարձաւ 1919ի կէսերուն կատարուած «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի յայտարարութեան առթիւ, որ պատճառ հանդիսացաւ կոալիցիայի փլուզման…
Ի՞նչ Պատահեցաւ
Ա. Աշխարհամարտի սկիզբէն եւ անկէ ետք, հայկական կողմը Փարիզի մէջ կը ներկայացուէր Արեւելահայ ու Արեւմտահայ անդամներէ բաղկացած պատգամաւորութեամբ մը:
Արեւմտահայերու ներկայացուցչութիւնը ստանձնած էր Պօղոս Նուպար Փաշան: Երբ 1919ի Մայիսի 28ին, Հայաստանի կառավարութիւնը—առանց իր քայլը համադրելու Պօղոս Նուպարի հետ— միակողմանի «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի հռչակումը կատարեց, այդ մէկը դիտուեցաւ իբրեւ մրցակցութեան փաստ Նուպարի կողմէ: Մանրամասնութեանց մէջ չմտնելով՝ աւելցնենք, որ նոյն տարուան 5 Յունիսին, խորհրդարանը լուծարուեցաւ:
Հայաստանի միակ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան նոյն ամսուան 21-23 ժամանակամիջոցին, երբ արդէն բոլոր կուսակցութիւնները (բացի Սոցիալ յեղափոխականներէն) պոյքոթեցին ընտրութիւնները: Այս արդէն մեծագոյն հարուածն էր մինչ այդ ինքզինք ժողովրդավարական մոտելով յառաջ ընթացող համակարգին…
Այնպէս պատահեցաւ, որ ընտրուած նոր խորհրդարանը հետեւեալ պատկերը ներկայացուց.
ՀՅԴ՝ 72 (ներառեալ 12 արեւմտահայ ՀՅԴականներ)
Սոցիալ յեղափոխականներ՝ 4
Թաթարներ՝ 2
Եզիտիներ՝ 1
Ոչ-կուսակցականներ՝1
Ընդհանուր՝ 80
Խորհրդարանին մէջ կային նաեւ իգական սեռին պատկանող 3 ներկայացուցիչներ, ինչ որ յառաջադէմ քայլ մըն էր Հայաստանի Հանրապետութեան նման երկրի մը համար, երբ անդին շատ մը արեւմտեան երկիրներ տակաւին քուէարկելու—ուր մնաց ընտրուելու—իրաւունք չէին իսկ տուած իգական սեռին…
Միւս կողմէ, սակայն, վերի պատկերը ցոյց կու տայ, որ տակաւին հազիւ տարի մը չանցած, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը կը դառնար միակուսակցական միաւոր:
Այս ինքնին բառացուցական է ու պէտք է հիմնական դասեր քաղել անկէ: դժբախտաբար, իբրեւ ժողովուրդ, այդ մէկը չկատարեցինք, ու անիկա պատճառ դարձաւ, որ նմանօրինակ գործելաձեւեր ի յայտ գան Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին (յոյսով ենք, որ այսօր հոն տեղի ունեցածը նոր սկիզբ մը կը դնէ իսկական ժողովրդավարութեան կիրարման ու ամրապնդման համար):
Կարեւոր Նկատառումներ
Իր գոյութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը քննեց շուրջ 1000ի հասնող օրէնքներ, սակայն կրցաւ օրէնքի ուժ տալ ընդամէնը շուրջ 300 օրէնքի որոշումներու, որոնց մէկ կարեւոր մասը վարչական որոշումներ էին:
Պէտք է ընդգծել, որ առաջին տարուան ընթացքին, խորհրդարանը հանդիսացաւ բուռն վիճաբանութեանց հարթակ՝ մանաւանդ ձախ ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնց ձայնը շատ աւելի բարձր էր, քան անոնց թիւը: Այս մէկը նաեւ քայլ մը յառաջ էր դէպի ժողովրդավարութիւն…
Նոյն հանգրուանին կային նաեւ մամուլի հսկայական ազատութիւնն ու քննադատելու իրաւունքը, որոնք եւս ժողովրդավարական ցուցանիշ կարելի է նկատել: Նոյնիսկ իշխող կուսակցութեան՝ ՀՅԴի օրկան «Յառաջ»ը լի է կառավարութիւնը քննադատող գրութիւններով:
1919ի խորհրդարանական ընտրութիւնները, սակայն, քայլ մը ետ էին նախորդ դարուն ժողովրդավարական խոյանքէն: Կացութիւնը այդպէս ալ մնաց մինչեւ Դեկտեմբեր 1920, այսինք՝ մինչեւ առաջին Հանրապետութեան աւարտը, ուր կուսակցութեան գերագոյն մարմինը իր ձեռքերուն մէջ առաւ կառավարութիւնը եւ դարձաւ Բիւրօ-կառավարութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործեց առանց սահմանադրութեան, որովհետեւ ժամանակ չեղաւ սահմանադրական խորհրդաժողով հրաւիրելու՝ երկիրը կենսունակ սահմանադրութեամբ մը օժտելու համար։
Եզրակացութիւն
Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյատեւեց շուրջ 940 օր:
Մասնագիտական ակնոցով դիտուած՝ այս ժամանակաշրջանը բաւարար չէ պատմագիտական ծաւալուն եւ խորքային վերլուծում կատարելու դէպքին նկատմամբ: Առնուազն 20էն 25 տարուան տեւողութիւն է հարկաւոր այդ մէկը կատարելու համար:
Այնուամենայնիւ, ի տես նոր աղբիւրներու եւ վաւերագիրներու յայտնաբերման, Հանրապետութեան պատմութիւնը պէտք է քննարկուի մասնագիտացած պատ-մաբաններու նոր սերունդի մը կողմէ:
Եւ վերջապէս, կայ այն հարցը, որ հայութիւնը ընդհանրապէս կը քաղաքականացնէ ու կը ֆեթիշացնէ նման իրողութիւնները: Կողմ մը կը փառաբանէ կատարուածը, մինչ միւս կողմը կը փորձէ նսեմացնել զայն… տակաւին չենք սորված, որ նման իրողութիւններ ոչ թէ դրականի ու ժխտականի, սեւի եւ ճերմակի մեթոտներով է որ պէտք է ներկայացուին, այլ անոնք պէտք է քննուին անկողմնակալ ու մասնագիտական մակարդակով ու իրականութիւնները պէտք է դրսեւորուին ինչ որ ալ ըլլան անոնք, որպէսզի նոր սերունդները ուսանելի դասեր քաղեն հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի մօտիկ անցեալի պատմութենէն։
ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
“I am proud to join my friends
in the Armenian community
to celebrate the 100th anniversary
of the First Republic of Armenia.
Your strength, passion and civic
engagement is commendable.”
Senator
Anthony
Portantino
ՀՕՄի
«Կարին»
Մասնաճիւղ
Սան Ֆրանսիսքօ
ՀՕՄի «Կարս» Մասնաճիւղ
ՕՐԵՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Սեւան»
եւ «Գառնի» Մասնաճիւղեր
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր»
Պատանեկան Միութիւն
ՀՄԸՄի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Սիամանթօ» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Աշոտ Երկաթ» Ուխտ
ՍԱՈՒԹ ՊԷՅ
ՀՅԴ
«Արամ Մանուկեան»
Կոմիտէ
ՀՕՄի «Արաքս» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Փոթորիկ» Ուխտ
ACF Tehlirian FRESNO
Արիզոնա
ՀՅԴ
«Գէորգ Չաւուշ» Կոմիտէ
ՀՕՄի
«Արարատ» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Գետաշէն» Ուխտ
ՀՄԸՄի Ֆինիքսի Մասնաճիւղ
Արիզոնայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Տոքթ. Յակոբ
Եւ Լիւսի Տիգրանեաններ
Tufenkian Preschool
Թիւֆէնքեան
Ազգային Մանկամսուր
Ես ոչ կուսակցական եմ, ոչ ալ աս յօդուածին գրողին պէս պատմութեան մասնագէտ մը, վկայական ալ չունիմ, բայց բաւական մը կարդացած եմ մեր պատմութիւնը, Հայաստանի հանրապետութիւնը հիմնողնեորւն յուշագրական գրքերը: Այսյօդուածը կարդալէս ետքը, սրտիս մէջ նեղութիւն մը եկաւ, բացատրեմ որ ինչու, քանի մը կէտ ըսեմ, մնացածն ալ կարդացողին պիտի ձգեմ: Եթէ թերթն ալ կուզէ, թող աս վարի բաժինընամակի պէս տպէ թերթին մէջ:
1. Գրողը ան տպաւորութիւթիւնը կուտայ, որ կարծես թէ այդ օրերու կառավարական պատասխանատուները, այսինքն դաշնակցական ներկայացուցիչները, վարչապետները, նախարարները եւ կառավարութիւնները գաղտնի նպատակ մը ունէին, որ տեմակրասիի դէմ երթային, մէկ կուսակցութեան գաւազանը շարժէին ամմէնուն դէմ, միւսներուն դուրս ձգէին: Խօսք չիկայ, որ ԻՆՉՈՒ ՀԱՄԱՐ ասանկ եղած է: Խօսք չիկայ, որ այդ օրերուն Հայաստանի մէջ ինչ տեսակ տեղական վնասակար շարժումներ եղած են, անոր համար ալ Քաջազնունիին ըսած խօսքերը, օրինակ, տարբեր ձեւ առած են:
2. Արսէն Կիտուրէն պատմական խօսք մէջբերելով, գրողը սխալ մը ըրած է: Կիտուրը իր կուսակցութեան պատմութիւնը գրած է, լաւ գործ ըրած է, բայց մեր պատմական վայրկեաններուն մասին գրածը արժէք չունի: Գրողին եւ կարդացողին կըսեմ, որ օրինակի համար կարդան որ ան ինչպէս նկարագրած է Սարտարապատի պատերազմը: Հազիւ կէս էջ, կարծես թէ ֆետայական պզտիկ կռիւ մը ըլլար: Ասանկ մէկուն գրածը իբրեւ պատմական փաստ բերելը գրածիդ կը վնասէ:
3. Կարեւոր կետ մըն ալ ըսեմ. աս գրողը եւ իրեն պէս ուրիշ գրողներ ալ կը կարծեն, որ այսօր, իրենց գրասեղաններուն մէջ նստելով, մոտերն ժողովրդավարութեան եւ ուրիշներու քարոզած տեսակէտները քարոզելով, հիներուն տեմոքրասիի դասեր տուած կըլլան: Այդ օրւան իրականութիւնները աչքի առջեւ եթէ չիբերենք, ասանկ անհիմն փիլիսոփայութիւններ կընենք եւ հինին, նորին դաս տալու կելլենք:
4. Եթէ գրուածը ճիշդ է, այսինքն որ աս մասին զեկուցում տրուեր է համագումարի մը, հարցումս այն է, որ հոն մէկը եղա՞ծ է, որ աս պակասները եւ անիմաստ մեկնաբանութիւնները դասախօսին ուշադրութեան տուած է: Եթէ չէ եղած, քիչ մըն ալ աղ պէտք է ցանենք անանկ համագումարներուն վրան, որպէսզի համ առնեն:
5. Համաձայն եմ, որ անցեալէն պէտք է դաս առնենք, եթէ սխալներ եղած են, պէտք է սրբագրելու նայինք, բայց համաձայն չեմ, որ աս գրողին տրամաբանութեամբ եւ սխալ մօտեցումներով կրնանք սրբագրել բան մը: Ես իր ուրիշ գրութիւնները օգտակար կը գտնեմ, բայց աս գրութեան մէջը ոչ թէ կէս աչքով, քառորդ աչքով նայած է իրականութիւններուն: Մեղք ունի, բարեկամ: Դոկտորի վկայականիդ չիվայլեր ասանկ մեկնաբանութիւն: Ուրիշներն ալ ասանկ պէտք չէ նային մեր պատմութեան դժուար օրերուն: Հայաստանի հանրապետութիւնը այսօրուան մեր ունեցած քիչ թէ շատ բնական պայմաններուն մէջ չէ ծնած եւ չէ ապրած: Ասանկ մեկնաբանութիւններ սխալ են: Եւ աս գրածներս մէկը զգացումի հիմով եւ սխալներու վրայ աչք գոցելու անկիւնէն թող չի դիտէ:
6. Ասանկ գրողներ պէտք է գիտնան որ Դաշնակցութիւնը այսօրուան կուսակցութիւններուն պէս չէ աշխատած. ասանկ գրութիւններու տերերը եթէ շատնան, դաշնակցութիւնը ալ թշնամի պէտք չունի, ասանկ բարեկամներ եւ պատմագէտները բաւական են: Մարդ ան տպաւորութիւնը կըստանայ, որ 1918-1920 տարիներուն, դաշնակցութիւնը այնպէս ձեւով աշխատեր է, ինչպէս որ այսօր կաշխատաին Հայաստանի կուսակցութիւնները, երեկ ՀՀՇականները, հանրապետականները, այսօր եւ վաղն ալ փաշինեանականները: Հասկցողին շատ բարեւ: