ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Իր տեղեկութիւնները ռուսական «Նովոսթի» լրատուական կայքէն քաղելով՝ «ՓանԱրմինիըն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Ռուսիա հաստատուած բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի մտայղացումով եւ ջանքերով, Մարտ ամիսէն ի վեր տիեզերքի մէջ «կը շրջագային» Հայաստանի Եռագոյն եւ Երեւանի 2800ամեակին նուիրուած դրօշակները։
Միջազգային անջրպետանաւ հասած դրօշակները ռուսական անձնակազմին հետ Երկիր մոլորակ պիտի վերադառնան Սեպտեմբերին, իսկ Հոկտեմբերին, պաշտօնական արարողութեամբ մը Հայաստանի ղեկավարներուն պիտի յանձնուին՝ նշելով Երեւանի 2800ամեակն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը։