ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մարդուս առաջին երա՜զը… Դժուա՛ր է յիշել: Բայց, կարելի է ենթադրել, թէ ան մօր ստինքէն կաթ ներծծեր էր, ինչպէս կ՛ընեն նորածինները: Իսկ մայր ստուգաբանութիւնը, զոր կարելի է դիտել իբրեւ լեզուագիտութեան կաթնտուն, բազմահազար տարիներ գուրգուրանքով արձանագրած է իր բոլոր զաւակներուն՝ բառերուն, պատմութիւնը, օրը օրին: Ուստի, ան կը յիշէ նաեւ մեր լեզուի բոլոր «երազ»ները, լուսաւոր թէ տարտամ, աւետաբեր թէ աղիտալի:
Այսօր կը զրուցենք «երազ» բառին մասին: Սակայն, պէտք է աւելցնել, թէ այդ բառի անցեալէն կը բացակայի կարեւոր էջ մը՝ անոր ստուգաբանութիւնը: Յարգելի՛ ընթերցող, ինչպէս կիսատ կը մնայ անուշ երազը, երբ մարդ ակամայ կ՛արթննայ, նոյնպէս, կ՛երեւի անյարմար մէկ պահուն, յանկարծ արթնցեր ենք ամբողջ ազգով ու դժբախտաբար չենք յիշեր, թէ ի՛նչ է «երազ» բառին ծագումը: Կայ այն կարծիքը, թէ անիկա իրանեան փոխառութիւն է եւ կու գայ միջին պարսկերէն «րազ» նոյնիմաստ բառէն: Սակայն, այս տեսութիւնը մերժած են թէ՛ ստուգաբան ու բառարանագէտ Հրաչեայ Աճառեանը եւ թէ գերմանացի հայագէտ, լեզուաբան ու բանասէր Հայնրիխ Հիւփշմանը (ան, որ 1875 թուականին փաստեց, թէ հայերէնը հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի անկախ եւ ինքնուրոյն մէկ ճիւղ է)։
Մեսրոպեան տառերով գրի առնուած առաջին գրաւոր արձանագրութեան՝ Աստուածաշունչին մէջ, կան բազմաթիւ «երազ»ներ: Սուրբ Գիրքի էջերուն մէջ բառը գործածութիւն գտեր է 95 անգամ: Հոն կան նաեւ «երազահան», «երազատես» եւ «երազել» բառերը: Գրաբար հայերէնը ունեցած է նաեւ երկու բայ՝ «յերազանալ» եւ «յերազիլ», այսինքն՝ երազի մէջ երեւիլ:
Մեր երազկոտ լեզուն դարերու ընթացքին տեսեր ու մտայղացեր է շա՜տ երազներ… եօթանասունի չափ: Նկատի ունինք «երազ»ով հիւսուած բառերը: Ահա՛ քանի մը քաղցր օրինակ. երազաբոյր, երազաթեւ, երազագեղ, երազահամ, երազախառն, երազածին, երազուհի… Իսկ մեր ամենաերկար «երազ»նե՞րը՝ 14-15 տառ ունեցող բառեր. երազահմայութիւն, երազապաշտութիւն եւ երազատեսութիւն:
Մեր հնագոյն հեղինակներուն քով շատ տեղ չէ գտած «երազ» բառը: «Երազ»ը աւելի յաճախ տեսեր են մեր 19րդ դարու գեղապաշտ եւ քնարերգակ բանաստեղծները: Առաջիններէն էր Յովհաննէս Թումանեան, որ մէկ գիշեր, անհանգիստ քունի մէջ, իր կերած գառնուկին մօր պատկերին հաշիւ տալու պէտք ունեցաւ. «Երազումս մի մաքի, մօտս եկաւ հարցմունքի…»: «Երազ» բառը նաեւ առաւ փոխաբերական իմաստներ: Ամենայն հայոց բանաստեղծին համար «տենչանք եւ փափաք» էր անիկա. արդարեւ, Թումանեան գրեց. «Վռազ անցան երազ, մուրազ ու չհասայ ո՛չ մէկին», «Կեանքս թեթեւ տանուլ տուած երազ եղաւ»: Պէտք է մտաբերել նաեւ «Երազ» երգ-բանաստեղծութիւնը, ուր Սմբատ Շահազիզ կը հանդիպի իր մօր պատկերին.
Բայց ափսո՜ս, որ երազ էր:
Այն երա՜զ էր ցնորամիտ:
Ա՜խ, այդ ինչո՞ւ երազ էր…
Լեւոն Շանթ իր «Հին Աստուածներ» թատերախաղին մէջ տեսաւ, թէ երազ են մարդու բարձրագոյն նպատակները: Մինչեւ այսօր, մեր ժողովուրդին համար սիրելի եւ կրկնելի խօսքեր են հետեւեալները. «Իջէ՛ք, իջէ՛ք երազներ, իջէ՛ք զգոյշ երազներ, շոյող անո՜յշ երազներ, իջէ՛ք քնքոյշ երազներ»: Ակսել Բակունցի՝ երազանման Գորիս քաղաքի այդ զաւակին համար, «չքնաղագեղ եւ չնաշխարհիկ» դարձաւ բառը. «Տեսանք այն խաղաղ փողոցի երազային պատշգամբը»: Նոյն իմաստը կրկնեց Վախթանգ Անանեան. «Ապրում ու բազմանում են այն երազ հովտում»: Վահան Թէքէեանն ալ սուզուած էր երազանքներու մէջ՝ անձնատուր եղած անոնց. «Ու կը նայիմ ես ծովէն՝ երազամոյն աչքերով»:
«Երազ»ով կազմեցինք նաեւ բազմաթիւ դարձուածքներ: Ոսկեդարուն ունեցեր ենք «Երազ տեսանել», «Ոչ յերազի անգամ տեսանել», «Երազ է կեանք մարդոյ» արտայայտութիւնները: Իսկ գրաբարը մղձաւանջային երազներու համար արտայայտուեր է այսպէս. «Ցնորք զահանդելի խօլական երազոց»: Աշխարհաբարը ունի «երազ դառնալ», «երազի մէջ իյնալ», «երազի մէջ ալ չտեսնել», «երազներով ապրիլ», «երազի նման անցնիլ» դարձուածքները:
Հայու համար երկիրն ալ երա՜զ է: Եւ մենք սիրեցինք երգել. «Երազ իմ երկիր, հայրենի, հոգսերդ շատ, յոյսդ մեծ…»։ Իսկ եղան օրեր, մեր ժողովուրդի երազի առագաստները, չդիմանալով սաստիկ քամիներու՝ դարձան անկարկտելի ծուէններ, ու լոյս տեսաւ երկու գիրք. «Խաչուած Երազներ», «Երազ Օրեր»: Առաջինը՝ Պոլսոյ մէջ, իսկ միւսը՝ Երեւանի: Յիշել կ՛արժէ, թէ իր խորագիրին մէջ «երազ» բառը ունեցող հայկական առաջին գիրքը «երազահան» մըն էր՝ «Մարմնախաղաց եւ Երազահան», Կ. Պոլիս, 1803: Երազահան գիրքերը, ըստ երեւոյթին՝ շատ ժողովրդական, գրաւած են բոլորիս հետաքրքրութիւնը: Ահա երազահան մը, որ լոյս տեսած է Մարսէյի մէջ. «Երազահան Ճոխ Եւ Ընդարձակ», Արամ եւ Մեսրոպ Ժամկոչեաններու հրատարակութիւն. լոյս տեսած է 1932 թուականին: Նոյն տասնամեակին, «ե-րազ» բառը հայրենիքի մէջ առաւ նոր երեւոյթ մը՝ «յերազ», շնորհիւ ուղղագրական կանոններու մէջ կատարուած փոփոխութեան, ու երեւանեան տպարանները սկսան լոյս ընծայելու գիրքեր հետեւեալ գրաշարուածքով. «Արփիկի Յերազը», «Փոքրիկների Յերազը»:
Այժմ պէտք է յայտարարել մեր բանաստեղծներու ամէնէն երազկոտը. Եղիշէ Չարենց, ան՝ որ մեր լեզուին տուաւ «կապոյտ երազ», «կարմիր երազ», «մեր հոգին ջահել ու բազմաերազ…» արտայայտութիւնները: Չարենցի համար երազը «երեւակայական եւ անիրագործելի բան» էր. ան գրեց. «Մեր աշխատանքը դիւցազնական, նրնա թւում էր սին մի երազ»: «Դանթէական Առասպել» բանաստեղծութեան մէջ, ան «երազ» բառը գործածեր է 12 անգամ՝ անոր տալով գունաւոր նոր պատկերներ. «երազել խնդութիւններ», «հուրհրատող երազ», «հարբած երազներ», «հանդիպումի երազ», «երազներ անհունի», «գորշ օրերի միանման երազ», «երազի ուղիներ», «արնավառ երազ»:
Այսօր, մեր ժողովուրդը՝ աւելի՛ երազկոտ քան երբեք, կը շարունակէ երազել: Հրաժեշտի համար ձեզ կը հրաւիրեմ երազամոյն ունկնդրելու Խաչատուր Աւետիսեանի «Կապոյտ Երազ»ը. «Քու զուլալ աչքերում, կուսական ու անմեղ, տեսայ ես շող, տեսայ վառուող երազներ կապոյտ…»։