Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Յուզումներէ, հպարտութեան որոնումէ եւ անցեալը ներկայի մէջ ինքնահաստատման փորձի ծառայեցնելէ ԱՆԴԻՆ պէտք է նայիլ: Այդ կ՛ըլլայ իսկական ազգային քաղաքականութիւն:
Յիշողութիւնը լաւ բան է, եթէ ինքնանպատակ չըլլայ, այսինքն չխրինք այն բացասականութեան մէջ, որ կը բնորոշուի անցելապաշտութեամբ: Ամեակներ եւ յոբելեաններ վտանգաւոր կը դառնան, երբ անհատները կամ պատմական իրադարձութիւնները կը վերածենք ֆեթիշի եւ ներկայի տխրութիւնները կը վարագուրենք: Պատմութիւնը միշտ պէտք է բերել ներկայի մէջ, կատարել անոր իմաստուն ընթերցումը, որպէսզի կարենանք պատկերացնել ապագան եւ ըստ այնմ գործել:
Հարիւր տարիէ ի վեր տեւաբար կը կրկնենք Վուտրօ Ուիլսընի անունը եւ կը յիշեցնենք Սեւրի դաշնագիրի գործադրութեան համար նախատեսուած անոր պատմական վճիռը, որ գծած էր վերածնող Հայաստանի սահմանները: Այդ դաշնագիրը ստորագրած էին պետութիւններու լիազօր պատուիրակները:
Ամերիկայի եւ ստորագրող պետութիւններուն պէտք է տեւաբար ցոյց տալ այդ վճիռը, եւ այդ վճիռի հիման վրայ Վուտրօ Ուիլսընի գծած քարտէսը: Վուտրօ Ուիլսըն հետաքրքրական ըլլալու համար քարտէս չէր գծած: Անբարոյութիւն է ստանձնուած յանձնառութիւնը չյարգել, ըլլանք անհատ թէ պետութիւն:
Իսկ երբ «մեծ»երը չեն յարգեր իրենց յանձնառութիւնը, բնական կը դառնայ որ աշխարհի մէջ տիրէ եւ շարունակուի անտառի օրէնքը (la loi de la jungle), «ջունգլիի օրէնքը»:
Ամերիկայի նախագահին վճիռը յանձնառութիւնն է պետութեան: Նախագահները սոսկական անհատներ չեն: Հայաստանի անկախութեան 100եակին այդ պէտք է ըսել Ամերիկայի այսօրուան ղեկավարներուն, այդ պէտք է ըսել Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներուն, պարզ անոր համար, որ իրաւարարական այդ վճիռը արդէն կայացած որոշման բանաձեւումն էր, նոր որոշում չէր: Իրաւարարութեան իրաւունք տրուած էր Վուտրօ Ուիլսընի: Այս պատճառով ալ ստորագրող պետութիւնները այսօր կը ներկայանան իրենց ստորագրութիւնը չյարգողի վիճակին մէջ:
Բայց մենք կը յանդգնի՞նք, պիտի յանդգնի՞նք այս ըսել, երբ կը բախենք պետութիւններու դռները:
Ցեղասպանութեան զանազան բնոյթի ճանաչումներուն հետ եթէ օրակարգ չ՛ըլլար եւ չ՛ընդունուիր այդ որոշման այժմէականութիւնը եւ վաւերականութիւնը մեր բարի կամ նուազ բարի «բարեկամ» երկիրները, եւ մենք իրենց հետ, ջուր կը ծեծենք: Շաբաթավերջերու աղմուկով կը զուարճանանք:
Ցեղասպանութեան ճանաչումները մխիթարական պարգեւներ են, ոչ իսկ քաղաքական մանրուքներ: Ոմանք կ՛ըսեն՝ հանգրուաններ, առանց ըսելու՝ թէ մինչեւ երբ ազգ մը կրնայ մնալ հանգրուանի մէջ:
Եթէ ամերիկացի նախագահին յաջորդները եւ ընդհանրապէս Ամերիկան կը մոռնան Վուտրօ Ուիլսընը, բարեբախտաբար չեն կրնար փճացնել անոր բարոյական ժառանգութիւնը: Առանց նպարավաճառային հաշիւներու, այդ հիւմանիստ նախագահը ըսած էր, որ «Ազատութեան պատմութիւնը դիմադրութեան պատմութիւն մըն է»: Անկախութիւնը ազգի մը,- ժողովուրդ եւ երկիր,- ազատութիւնն է: Այս իմացումը կար եւ կայ Վուտրօ Ուիլսընի վճիռի խորքին մէջ:
Նոյն Վուտրօ Ուիլսընը, այլ առիթով մը ըսած է. «Ըսէք ինծի ինչ որ ճիշդ է եւ ես անոր համար պիտի պայքարիմ»: Այդ ճիշդը ըսած էր Խաղաղութեան Վեհաժողովը եւ անոր բանաձեւումը ըրած էր ինք, Ամերիկայի նախագահը: Բայց դժբախտաբար «հիւմանիստ» եւ ազատութիւններու ջատագով Ամերիկան մսկոտ դուրս եկաւ, չգործադրեց արդարութեան վճիռը, եւ այդ սխալի հետեւանքները դար մը ետք իրենք զիրենք կը զգացնեն, Թուրքիոյ ցուցաբերած կայսերական ախորժակներով:
Ամերիկան եւ ընդհանրապէս աշխարհը գիտեն, թէ ի՛նչ է ճիշդը, ո՛ւր է ճշմարտութիւնը, բայց դադրած են քաղաքականութեան մէջ բարոյականութիւն տեսնելէ, որ փոխարինուած է նաւթով, զէնքի, օդանաւի եւ հիւլէակայաններու վաճառքով:
Ինքնակոչ քաղաքագէտներ եւ անոնց աշկերտները կը խորհին, որ երկիրներու միջեւ եղած յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ շահերու վրայ: Եթէ այդպէս եղած ըլլար, անոնց լուծում գտնուած կ՛ըլլար եւ կը կանխուէին դժբախտութիւնները: Դժբախտաբար, պետութիւններ եւ անոնց քաղաքականութիւնը, հակառակ Միացեալ Ազգերու բեմէն խօսուած տպաւորիչ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններու, կանգ առած են տնտեսութեան եւ մանաւանդ սոսկ դրամի փակուղիին մէջ, մոռնալով մարդը եւ մարդկութիւնը: Այս կացութեան բանաձեւումը կու տայ ԺԹ. դարու մեծ մտաւորականներէն Ռէյմոն Արոն, երբ կ՛ըսէ. «Դրամատիրական տնտեսական դրութեան մէջ, դրամը թագաւոր է. միայն ջնջելով դրամի այլասերող միջնորդութիւնը, մարդը մարդուն հետ ուղղակի եւ վաւերական կապ պիտի վերագտնէ»:
Հայաստանի սահմանները գծելու իրաւունք ստացած նախագահը այդպէս չէր մտածեր: Ան կ՛ըսէր. «Շահը շահը չէ որ կը միացնէ մարդիկը, անիկա յաճախ զանոնք իրարմէ կը հեռացնէ: Բայց փոխադարձ համակրանքը եւ իրարհակացողութիւնը զանոնք կը միացնեն»:
Երէկուան եւ այսօրուան մեծերը, իրենց շահախնդրութիւներուն կը զոհեն խաղաղութիւն եւ կեանքեր: Բայց չկայ դատարան մը, ուր կարելի ըլլայ նաեւ զիրենք դատել: Իրենք իրենց թեւերը կը սոթտեն միջամտելու համար հոն, ուր ըմբոստութիւններ կան: Կը պատահի՞, որ հարցնեն, կամ հարցնենք, թէ ինչո՛ւ կան ըմբոստութիւններ: Եթէ Ամերիկայի ղեկավարները այսօր դոյզն չափով հաղորդուած ըլլային իրենց մեծ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հիւմանիստ իմաստութեամբ, որ ըսած էր, թէ «Յեղափոխութեան հունտը ճնշուածութիւնն է», անոր պատմական վճիռի գործադրութիւնը կը հետապնդէին:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմ, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմ: Երրորդը միթէ՞ մեր դրան առջեւ չէ նստած, քանի որ այլեւս հեռու եւ մօտ չկայ, Սուրիա եւ Իսրայէլ, Թուրքիա, Քորէա եւ Թայուան, Իրան, Եմէն, Սէուտական Արաբիա, Լիբանան եւ բնական աղէտներու, ջուրի պակասի, գործազրկութեան պատճառներով թափով շարունակուող հեղեղային գաղթականութիւնները:
Քաղաքագէտներուն եւ ընդհանրապէս մեր յիշողութիւնը կարճ է: Այսօր կայսերական ձգտումներուն եւ ամէն կարգի անհասկացողութիւններուն զսպանակը եւ առարկան դրամն է, որուն համար, 1931ին, նախազգուշական մարգարէական խօսք ըսած էր Հռոմի Փիոս ԺԱ. սրբազան քահանայապետը, կացութիւնը պատկերացնելով խիտ տարազով մը. «Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւն»:
Եթէ մեծերը այդ հունով չընթանային, եթէ նուազ մեծերը զանոնք չկապկէին, շուկաներու եւ հում նիւթի ձեռքբերումը առաջնահերթութիւն չըլլար, մարդկութեան կը խնայուէր ճնշումի տակ գտնուող եռացող կաթսայի վրայ նստած ըլլալու ահը եւ սարսափը:
Ինչպէ՞ս վերագտնել արդարութիւնը:
Վերջ տալ շահագործողներու եւ բռնագրաւողներու սանձարձակութեան: Եթէ այս ճիգը այսօր չըլլայ, վաղը ուշ կ՛ըլլայ:
Այսքան ճշմարտութիւն մենք ալ կրնանք ըսել մեր խօսակիցներուն եւ մեզ լսողներուն, քայլ մը անդին երթալով մեր խնդրարկուի «սալամ ալէք»ներէն:
Այս կ՛ըլլայ հեռանկարային ղեկավարում, որուն համար պէտք է ունենալ ազգային եւ մարդկային որակ, յանդգնութիւն եւ իմաստութիւն:
Առաքինութիւններ՝ այնքա՜ն տարբեր բեմերու լոյսերէն եւ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանի պատկերներու անվաղորդայն գինովութենէն:
Առաքինութիւն՝ հռոմէացիի հասկացողութեամբ, virtus, հոգեկան ուժ:
Որպէսզի ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին Հայաստանի ամբողջութիւնը եւ հայոց իրաւունքը օրակարգ ըլլայ, առանց տուրք տալու աննպատակ ճապկումներու:
Աստ եւ անդ:
Նուազի-լը-Կրան
ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԵՃ
Ron & Goharik Gabriel
Romanian Armenian
“RAFFI” Cultural Association and Family Members