ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Թետ Փօ արդարադատութեան նախարարութեան կոչ ըրած է բռնապետ դառնալ ձգտող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ գաղտնի գործառքներ կնքելու փոխարէն՝ աւելի լաւ հետեւելու ամերիկեան օրէնքներու գործադրման՝ արդար պատիժներ սահմանելով ամերիկացի ցուցարարներ ծեծած Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ:
Ելոյթ ունենալով Քոնկրեսի մէկ նիստին ընթացքին, Փօ յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի, Մայիս 16ին, Էրտողանի թիկնապահները մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներու վրայ, որոնց շարքին կային նաեւ ամերիկահայ քաղաքացիներ, որոնք պարզապէս կ՛օգտուէին խօսքի ազատութեան իրենց սահմանադրական իրաւունքէն: «Էրտողանի հսկողութեան ներքեւ, անոր թիկնապահները անհանդուրժողութիւն ցուցաբերեցին խօսքի ազատութեան նկատմամբ, եւ արհամարհանք՝ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն նկատմամբ: Անոնց անօրինական վարքը բացարձակապէս անընդունելի է, յատկապէս ամերիկեան հողին վրայ», յայտարարած է ան:
Ան նաեւ ցաւ յայտնած է, որ մեղադրանքներ առաջադրուած էին Էրտողանի 15 թիկնապահներուն դէմ, սակայն ներկայիս ամբաստանուած կը մնան միայն անոնցմէ չորսը: Փօ պահանջած է արդարադատութեան նախարարութենէն պարզել, թէ ինչո՛ւ վերցուած են մեղադրանքները այդ 11 թիկնապահներուն, երբ տեսագրութիւններն ու ականատեսներու պատմութիւնները կը վկայեն, թէ յարձակող թիկնապահները չորսէն աւելի էին: Սակայն, արդարադատութեան նախարարութիւնը ցարդ բացատրութիւն չէ տուած այդ հարցին:
«Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը պէտք չէ ժողովրդավարութեան դէմ Էրտողանի յարձակումներուն մեղսակից դառնայ», յայտարարած է Փօ: