ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովա Մայիս 23ին պատասխանած է լրագրողի մը այն հարցումին, թէ որոշ ազդակներ տպաւորութիւն կը ստեղծեն, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ կրնայ սկսիլ նոր եւ աւելի աշխոյժ փուլ, որուն մէջ Ռուսիա կը պատրաստուի «առաջին ջութակի» (գլխաւոր) դերը խաղալ. ան ըսած է. «Ռուսիա մի՛շտ աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է, եւ փափաք չկայ որեւէ ջութակ նուագելու՝ ըստ թուային կարգի: Սակայն փափաք կայ մօտեցնելու կարգաւորումը՝ ճանչցուած, քաղաքակիրթ եւ արդիւնաւէտ միջոցներով: Մենք շատ աշխոյժ դերակատարութիւն ունինք եւ անիկա պիտի շարունակենք բոլոր կողմերուն հետ սե՛րտ շփումներով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.