Ա. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աւելի քան մէկ ու կէս ամիսէ ի վեր, իսրայէլեան բռնագրաւման ու անկէ բխող բռնատիրական բազմերես արարքներուն դէմ պաղեստինցիներու բարձրացուցած բողոքի նորագոյն ալիքը դարձեալ պատճառ դարձաւ արեան հեղեղներու. սպանդ, վիրաւորներ, աւերում..։ Աշխարհը միաձայն կը յայտարարէ, որ իսրայէլեան բրտութիւնները 2014էն ասդին ամէնէն ծանրակշիռն են, այսինքն՝ երկարաշունչ ողբերգութեան մը մէկ նորագոյն էջը։
Ահաւոր ողբերգութեան դիմաց, աշխարհը ականջալուր ու ակնդիր է այլ ողբերգութիւններու։ Միացեալ Նահանգներ ու փոքրաթիւ այլ երկիրներ իրենց դեսպանատուները կը տեղափոխեն Երուսաղէմ, ոտնատակ ընելով հաւասարակշուած խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն հետապնդելու իրենց անցեալի յանձնառութիւնները։
Ողբերգութեան մէկ այլ, եւ արգահատելիօրէ՛ն ծիծաղելի երեսն ալ՝ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ պետական վարիչներուն միջեւ մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու փոխանակումն է։ «Սուլթան» Էրտողան դարձ-եալ հագած է պաղեստինցիներու դատին դրօշակիրը ըլլալու պատմուճանը եւ իբրեւ ցեղասպան կ՛ամբաստանէ Իսրայէլի պետական պատասխանատուները՝ Նեթանիահուն եւ իր խմբակը, պատառ մըն ալ մեղադրանք նետելով Թրամփի երեսին։ Նեթանիահու «տակը չի մնար» եւ կը յայտարարէ, թէ Էրտողան վերջին անձն է, որ իրաւունքն ունի խօսելու ցեղասպանական արարքի մասին, մատնացոյց ընելով Էրտողանի կազմակերպած ջարդերը։ Եւ ահա, խստաշունչ ամբաստանութիւնները նոր զարգացումներ կը գտնեն երեւցող բեմին վրայ։
Եթէ խելամիտ մարդիկ քիչ մը բարձրացնեն վարագոյրը, դժուարութիւն պիտի չունենան տեսնելու, թէ բանաւոր թշնամանքը միայն ծածկոյթ մըն է իրողական դաշնակցութեան, համանման նպատակներու հետապնդման։ Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ թշնամական արարքները պերճախօս, բայց ոչ միակ օրինակն են։
Պատկերը ողբերգական է, որովհետեւ երկու պետական վարիչներն ալ ոճրային արարքներու մէջ կը գտնուին, մէկզմէկ ամբաստանելու մրցակցութեան ատեն ճշմարտութիւններ երեւան կը հանեն, իսկ աշխարհը լուռ հանդիսատես կը մնայ անոնց երէկի ու այսօրուան ոճիրներուն դիմաց, կը բաւականանայ մտահոգութի՜ւն արտայայտելով, իրողապէս կը քաջալերէ զանոնք, իր կարգին հասնելով ծիծաղելիօրէ՛ն արգահատելի վիճակի։
…Ճշմատրտութիւնները սնամէջ կը դառնան, երբ կ՛արտայայտուին սխալ մարդոց բերնէն։