ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային հետախուզութիւններու գրասենակի («Էֆ. Պի.Այ.») գործակալները այս շաբաթ պաշտօնապէս ամբաստանած են Կլենտէյլի ոստիկանութեան հայազգի պաշտօնեայ Ճան Սարօ Պալեանը՝ մեքսիքական եւ հայկական յանցագործ խմբակներու հետ իր ապօրինի յարաբերութիւններուն եւ անոնց մասին սուտ ցուցմունքներ տալու յանցանքներով։
45ամեայ Պալեանը, որ շրջան մը եղած է Կլենտէյլի ոստիկանութեան բանբերը, կրնայ 5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։