ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Մեր սիւնակներով հրապարակած էինք արդէն, թէ ծանօթ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» նորատիպ հատորին ողջունահանդէսը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Ապրիլի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Ստորեւ կու տանք սոյն ձեռնարկին ընթացքին Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանի պատրաստած գրախօսականը.
18րդ դարուն ապրող արաբ փիլիսոփայ մը իր գիրքի նախաբանը կը սկսի աղօթքով եւ մաղթանքներով: Ան հետեւեալ ձեւով սկսած է. «Աստուծմէ շնորհակալ եմ երեք բարիքներու համար՝ բազմաթիւ զաւակներու հայր ըլլալու, բաւարար հարստութիւն ունենալու եւ Հալէպ քաղաքին մէջ ապրելու համար»:
«Հալէպը ինծի համար կեանք է եւ պատմութիւն, անմեղութեան շքեղութիւն, մանկական, պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեանս յիշատակներու խառն ու հաճելի բուրում եւ մանաւանդ անուշ շարական է, պարզ գիրք եւ գեղեցիկ առասպել: Հոն է մտքիս անզուգական յուշակոթողը»: Հալէպի մասին, նման յախուռն արտայայտութիւններու յաճախ հանդիպած ենք Պետիկեանի ստորագրած գրութիւններուն կամ հրատարակած գիրքերուն մէջ, ուր իր էութեան եւ նեարդներուն մէջ կայ մնայուն զարկերակ մը, որ շարունակ Հալէպով կը բաբախէ, հոգ չէ թէ ան‘ Պետիկեան քանի մը տասնամեակներէ ի վեր հեռացած ըլլայ իր երբեմնի ծննդավայրէն:
Որովհետեւ Հալէպը իր առաջին սէրն էր, տագնապահար Հալէպին հետ երկունքի, տառապանքի տուայտանքներով գրի առած իր ապրումները, շատ յաճախ աղիողորմ ճիչ կը թուին ըլլալ, ականջալուր դառնալով իր ծննդավայրի սահմռկեցուցիչ դէպքերուն:
Գիտենք, որ Պետիկեան իր աշակերտական տարիներէն կը սպասարկէ հայ գրականութեան բագինին, յիսնամեայ վաստակ մը աւանդելով Սփիւռքին, գլխաւորաբար փառքը հիւսելով իր պաշտելի ծննդավայր Հալէպին եւ սիրելի Ճեմարանին, պայծառատեսութեամբ ու հրաբորբոք սիրով:
Այս իմաստով պէտք է ընկալել այդ օրհնեալ երկիրին հանդէպ Գէորգ Պետիկեանի տածած սէրն ու կապուածութիւնը, իր ինքնութեան հարազատ մնալու ապաւէնն ու արեան կանչը:
Ինքնակենսագրական մը կարելի է համարել Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» գիրքը, որովհետեւ ան իր հոգիի ու մտքի պրիսմակին ընդմէջէն կը ներկայացնէ Հալէպը, սակայն անոր աւիւն ու շունչ ներարկողը նոյն ինքն Հեղինակն է, իր յուշերով եւ թանկագին կենսափորձով:
Հալէպին ձօնած իր հիանալի տողերը այն պատրանքը կու տան, որ խօսքը ուղղուած է իր սիրած աղջկան. յատկապէս իր բաժանումի պահը նկարագրելով՝ կ՛ըսէ. «Աշխարհի մը չափ սիրած էր ու տակաւին կը սիրէր… սէր մը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ լուրջ պաշտամունք մը, որ ծնած էր անմեղ սրտի մը մէջ… ինք սիրահար մըն էր նման բոլոր սիրահարներուն, իր սէրը՝ Հալէպն էր»:
«Հալէպ Առաջին Սէրս» գրութեան մէջ կ՛ըսէ. «Ու հիմա դուն ես իմ մտքիս գլխաւոր դիցուհին եւ չաստուածը: Քեզ պաշտած ըլլալու վայելքէս յաճախ գինովցած եմ: Քեզմով կ՛ուզեմ վերադառնալ էութեանս:» պաշտամունքի հասնող սէր մը, որ ծննդավայր վերադառնալէն անկախ, վկայակոչումն է իր անցեալին, յուշերուն:
Ու յանկարծ‘ յեղակարծօրէն, ինչպէս պիտի ըսէր Շուշանեան, աշխարհը շուռ եկաւ Հալէպի գլխուն, վերջին վեցամեակին Հալէպը գտնուեցաւ մուրճին ու սալին միջեւ, տուայտելով պատերազմի արհաւիրքին մէջ՝ մահու կենաց պայքար մղեց ու տակաւին կը մղէ… այն երբեմնի մայր գաղութը, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ «մնացորդաց»ը առաւ իր գիրկը ու վերընձիւղումի հրաշալի գործընթացին իբրեւ արդիւնք՝ հալէպահայ գաղութը բարգաւաճեցաւ՝ հասնելով այնպիսի բարձրակէտի մը, որ պատիւ պիտի բերէր ողջ հայութեան, իր ապրած մշակութային ծաղկունքով ու ազգային հաւաքական կեանքի նկրտումներով եւ բազմամակարդակ նուաճումներով:
Ահաւասիկ այդ հաւաքական դիմանկարին ցոլացումն ու անոր տակաւ առ տակաւ շիջումը խթան դարձած են գրող Պետիկեանին, որ անցեալն ու ներկան շաղկապելով՝ կրցած է երկնել «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» հատորը, որ ուրիշ բան չէ՛, այլ կանչ մը, ներբող մը Հալէպին ուղղուած, ուր բառերը տառ առ տառ կը հեգեն Հալէպի աղէտը, առանց ողբի կամ զեղումներու, այլ միշտ լաւատեսութեամբ թաթաւուն, Հալէպին վերագրելով արժանիքներ՝ իբրեւ Մայր Գաղութ, ինչպէս, որ կը սիրէ որակել Պետիկեան:
Այո՛, «սա մեր բոլորին Հալէպն» է, յետ-եղեռնեան աքսորներու ճամբէն անցած բոլորիս մեծ հայրերն ու մայրերը, հոն կայք հաստատած էին ու իրենց հետ բերած անցեալի՝ նախաեղեռնեան Արեւմտեան Հայաստանի կենցաղի նախատիպը, վաւերական փաստաթուղթեր, կալուածի, բնակարանի կամ գործատեղիի, զորս ետին ձգած բռնած էին գաղթի ճամբան, այն յոյսով, որ օր մը պիտի վերադառնային իրենց տուներն ու օճախները:
Սա այն Հալէպն էր, որ մանրանկարն էր մեր չքնաղ Կիլիկիոյ ու անոր ազգաբնակչութեան ու կենցաղին:
Իսկ իր պաշտած ճեմարանը, յետ-եղեռնի պահապան հրեշտակ՝ Ազնուական Դանիացի բարերարուհի Քարէն Եփփէի շնորհիւ կերտուած էր, գլխաւորաբար երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառի ջանքերուն իբրեւ արդիւնք:
Պետիկեան իր աշակերտական տարիներուն ոտանաւոր մը կը ձօնէ ճեմարանին՝ ըսելով. «Ժիր կը կանգնիս, որպէս կոթող յաղթանակի, որպէս հսկայ մասունք մը վեհ-կեցած կողքին մեր սուրբերուն, ու յարգանքի զգացումով, ակնածանքի խորունկ սիրով, ընենք քեզի ծունկ մը աղօթք, դուն Զարեհակերտ մեր Ճեմարան»:
Գլխաւորաբար 2010էն ի վեր գրի առնուած Պետիկեանի յուշերն ու ապրումները կը բաբախեն Հալէպով, այնքան մը, որ երբեմն , իր անցեալապաշտութեան կողքին, Պետիկեան լուծումներ կը գտնէ, աւելի ճիշդը իր տեսլապաշտ հոգիով յոյս կը ներշնչէ անոր՝ ըսելով. «Հիմա հոն՝ Հալէպի մէջ էականը մարմինն ու հոգին պահելն է, իրենց հետ ապրիլ, յոյս ներշնչել, բաժնեկցիլ վիշտը, ցաւը, ողբերգութիւնը: Ոգի եւ ապրելու կամք փոխանցել:» (Հալէպին եւ Հալէպով):
Անցեալ, Ներկայ եւ Ապագայ ներկայ են հոն, Անցեալը իր մանկութեան անփոխարինելի յիշատակներով, ուր 7 դրացիներով բակի մը մէջ կ՛ապրէին, հոն կար յարգանք եւ անկեղծութիւն: Կեանքը շատ աւելի յորդուն էր սիրով, հարազատութեամբ, փոխադարձ սրտակցութեամբ, մինչ ամրան գիշերները կը քնանային բացօթեայ, կը վայելէին աստղազարդ երկինքը, Հալէպի զով գիշերները, ուր երազն ու իրականութիւնը տեղ մը կ՛ողջագուրուէին, որովհետեւ «Սէրեր, իղձեր, երազներ» բոլորը կը տողանցէին, երանելի յիշատակներով ու իբրեւ անոր հետեւանք կար կախարդական կապ մը, Սալիպէ թաղին, Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ, առաջնորդարանին եւ մանաւանդ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի դրացնութեամբ, հարազատ աշխարհ մը, որուն հոգետունը նոյն ինքն Ծառուկեանի «Երազային Հալէպ»ի վկայարանն ու ներշնչման աղբիւրն է:
Հեղինակը մտքով պտոյտ մը կ՛ընէ Հալէպի բոլոր այն վայրերուն մէջ, որոնք որոշիչ դեր ունեցած են իր կազմաւորման ընթացքին, բարի յիշելով Հայկազեան նախակրթարանն ու անոր տնօրէններէն Արմէն Անոյշն ու Փիլիպոս Դերձակեանը եւ ուսուցիչները, որոնք «Ազգային ինքնութիւնը ցեղին կնիքին հետ դրոշմեցին մեր հոգիներուն մէջ, մեր մէջ ինքնաբերաբար արմատացնելով հայ ըլլալու հպարտութիւնը»:
«Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամէն առիթով երբ յիշեմ ծննդավայր Հալէպս, հոգիս իր առաջին թռիչքը առնող թռչունին նման կ՛ոստոստէ: Կ՛երիտասարդանամ: Կարծես երբեք չեմ մեկնած անոր հողերէն, միշտ կարօտը սրտիս, մահուան եւ անմահութեան սահմանին վրայ»:
«Կենացդ Ճեմարան» գրութեան մէջ կրկին կը յիշէ, որ «Հալէպն ու Քարէն Եփփէ Ճեմարանը իմ հոգիիս եւ մարմնիս զոյգ եւ անբաժան ծննդավայրերն են եղած» ու իր ներաշխարհին մէջ դաջուածքի նման յիշատակներ փորագրուած էին Հալէպի եւ Ճեմարանի մասին:
Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը արդէն ազգային հնոց մըն էր, անկէ շրջանաւարտ եղողը անպայմանօրէն պիտի վայելէր հայերէնի մեր սիրելի ուսուցիչին՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանի գրականութեան դասերը, որոնք կը գրաւէին բոլոր աշակերտներուն հոգիները, զիրենք ոգեւորելով հայ գրականութեամբ, յատկապէս մղելով շարադրութիւն գրելու, ապագայ գրողներու սերունդ մը կերտելով, ինչպիսին էին Ռիթա Որբերեան, Գէորգ Պետիկեան, Պերճուհի Աւետեան, Մարուշ Երամեան, ու տակաւին երկար է շարքը բոլոր անոնց, որոնք պարարտ հող գտան Հալէպի մէջ եւ կրցան Սփիւռքի գրականութեան բացը լեցնելու փորձեր ընել, սակայն «Քամին փչեց ու տապալեց ամէն բան» ինչպէս պիտի ըսէր Վահան Թէքէեան:
Պետիկեան իր Հալէպ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, պատերազմի թէժացումէն առաջ, ականատես եղած էր այդ գաղութի յարաճուն վերելքին ու վկայած էր՝ ըսելով. «Կեանքի իսկական պայքարը հոս է, նուազագոյն միջոցներով, սակայն բարձրագոյն նուիրումով կը պահեն ազգային հպարտանքն ու հարստութիւնը… ինծի համար հայը հոս ամրօրէն կառչած է իր մշակոյթին:»
Վանան՝ իր թոռնուհին, առիթով մը հարց կու տայ. «Պապի՛կ, ինչ է քու ծնած քաղաքիդ անունը». ինք պատասխանելէ առաջ, կ՛ուզէր բացատրել, «թէ մեր քաղաքը թէ՛ պատմութիւն էր, թէ՛ գեղեցիկ առասպել: Հայոց լեզուն մեզի համար հայ հոգիին եւ մտքին յաղթանակն էր: Մեր եկեղեցին իր պատմական զանգակով մեր ականջները կը լեցնէր սուրբ բաներով, հաւատալ կու տար մեզի, որ հոն իսկապէս իջեր էր մեր Աստուածը»:
Հալէպի ոգեկան եւ արտաքին քարտիզագրութիւնը գեղեցկագոյն կերպով պատկերող Պետիկեան, իր անցեալի յիշատակները վերծանելու կողքին, կրցած էր հայկական կեդրոնները համարուող վայրերը արագօրէն ներկայացնել, միշտ իր համեմուած խօսքերով թարգման հանդիսանալով բոլոր հալէպահայերուս կարօտաբաղձութեան: Այսպէս՝ ՀՄԸՄի ակումբն ու պարտէզը, Հայկազեանն ու Ճեմարանը, Սալիպէն ու Քառասուն Մանուկ եկեղեցին, գաղութի կեանքին կարկառուն դէմքերը ներառնելով՝ կրցած էր խորաթափանց աչքերով ներկայացնել դէմքերու շարան մը, սկսեալ հօրմէն՝ Էզաճի Տաուտէն, որ սերնդակիցը եղած էր Հրաչ Փափազեանի, Լուտերի եւ Զարեհ սրբազանի: Արմատներով Խարբերդցի մը, որ կը հաւատար ազգային սրբութիւներու, ծառայասիրութեան եւ մարդասիրութեան: Ամմօ Յակոբ՝ իր աներհայրը կը յորջորջէր իբրեւ մեծասիրտ հայ մը, որ առանց գրաճանաչութեան, կ՛երգէր ազգային-յեղափոխական երգեր, դառնալով ճառագայթող անձնաւորութիւն մը իր շրջապատին: Երէց եղբօր՝ Դաւիթին անժամանակ մահը առիթ էր զինք ներկայացնելու, իբրեւ իր խանդավառութեան մշտահոս աղբիւրը, պարզ էր որ անոր կորուստով աշխարհներ կը փլէին իր մէջ ու հաւատքի երերուն վիճակներ ապրելով, կը ջանար վերագտնել այն միստիք կամուրջը, որ հիմքը կը կազմէր իր եւ Աստուծոյ կապին:
Տեղին է անդրադառնալ, որ Պետիկեանի հաւատքը առ Աստուած շատ մը կացութիւններու առջեւ գլուխ կը ցցէ, թէեւ իր յուսահատ պահերուն կ՛ունենայ որոշ տատանումներ, սակայն լաւատեսութիւնը կը յաղթահարէ եւ միշտ իր պատմուածքները կ՛աւարտին ի վերուստ շնորհուած պայծառութեամբ: Բան մը, որ փրկարար դեր կը կատարէ գրութիւնները ողբերգութիւններու տիղմէն փրկելու:
Ուշագրաւ են այն տողերը , որոնք նուիրուած են իր հարազատ ընկերներուն՝ Հարազատ բառին իսկական առումով: Մանկութեան երկու ընկերներու շիջումը, զանոնք ներկայացնելու ոճը եւ իր կապուածութիւնը անոնց, յիշատակներու տողանցումով կ՛երթեւեկեն հեղինակին մէջ, Տիգրանը՝ իբրեւ մտերիմ, պատուախնդիր, առաքինի մարդ, իսկ Չօլօն՝ կաթողիկոսարանի դիւանապետը, անոր հետ մտերիմ եղբայրութիւն մը ապրած էր, շատերու կողմէ երկուորեակ կարծուելով:
Կորուստէն ետք իր մխիթարութիւնը կը գտնէ՝ ըսելով. «Չօլոյին հոգին շալկած՝ կը պտըտիմ»: Չօլօն եղբայրն էր Օշական սրբազան Չոլոյեանի:
Կազմարար Թադէոսը: Ո՛վ չէր ճանչնար զինք. Հալէպի մէջ սերունդներ ճանչցած էին զինք. ան ճանչցուած էր իր անյագ ընթերցասիրութեամբ եւ գիրքի նկատմամբ տածած գուրգուրանքով: Ան հայրն էր մեր մէջ գտնուող Մարօ Թիւթէլեանին:
Ներկայացուած են Թաուիլ Եուսուֆը, որ իր ձեռներէցութեամբ կը վայելէր քաղաքի ոստիկանապետին եւ նահանգապետին խոր յարգանքը, ու շնորհիւ այդ կապին կրնար Հալէպցիին հարցերը լուծել իր ուրոյն ոճով, արդարօրէն ծառայասիրութեան ու նուիրումի դեսպան մը դառնալով: Վիթամին Նօնօշը, օր. Երանուհիի եղբայրն ու պտուղի հիւթերու գիւտարարն էր, «սուս»ի եւ «թեմըր հինտի»ի ըմպելիներէն ետք: Աւետիս Ժամագործեան, թատրոնին կապուելու իր մղիչ ուժը դարձած էր, զինք հրաւիրելով, որ ակումբին աթոռները շարէ, այդպիսով ականատես դառնալով թատերական փորձերու. հրապուրուած հայ թատրոնի հմայքով՝ կը գրէր. «Պրն. Աւետիս թատրոնի հանդէպ ունեցած սէրս ոռոգեց»։ Այս բոլորը յետադարձ հայեացքով կը վերարժեւորուէին, թուղթին յանձնուելով մնայուն կը դառնային Հալէպի պատմագրութեան մէջ:
Կար ծանօթ տէր Վաչէ Նագգաշեանի բնութագիրը, իբրեւ պարկեշտ ու վեհանձն հոգեւորական, որ կը հաւատար մեր ժողովուրդի ազգային իտէալներուն, կը պաշտէր մեր լեզուն, երաժշտութիւնն ու կրօնքը, մեծ հաւատք ունէր Հայ Դատին եւ անոր սիրոյն մղուած պայքարին հանդէպ:
Վարդան Փայասլեան, եղբայրը՝ երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառին: Իր անշեղ նկարագիրով, դարձած էր մեծութիւն մը, իր մէջ խտացնելով կուսակցականն ու միութենականը, եկեղեցասէրն ու մարդկային առաքինութիւնները: Մարդկայինի այն որակը, որ հետզհետէ կը նահանջէ մեր մէջ, յանուն նիւթին ու փառքին:
Տարիներ առաջ, նոյն այս սրահին մէջ, «Քարէն Եփփէ» Լոս Անճելըսի ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած էր Մովսէս Պչաքճեանի գիրքին ներկայացումը, ապա ճակատագիրը հնձած էր զինք ալ: Պետիկեանի մտերիմներէն մին համարուող Պչաքճեան, ինքնատիպ արձակագիր մըն էր, մեծ գրագէտ մը, որ կեանքը դիտելու իր ուրոյն ոճով, կրցած էր հայ գրականութիւնը հարստացնել իր նրբահիւս ու կուռ հայերէնով: Փարիզ ապրած, սակայն մտահոգ հայ լեզուի ճակատագիրով:
Իսկ Կարապետ Սապունճեան՝ ով չէր լսած անոր մասին. հայրը Սաթիկ Տէր Օհաննէսեանի, Հրայրին եւ Ժիրայրին: «Պատկառանք եւ յարգանք պարտադրող ազգային մարդ եւ թունդ հայ, հմուտ պատմագէտ եւ մեծ ուսուցիչ» կը կոչէր զինք Պետիկեան, որ ուսումը Դպրեվանքէն ստացած, ապա Հալէպ կրթական ասպարէզէն ներս իր ներդրումը բերած էր Հայկազեան ապա Ճեմարանէն ներս՝ իբրեւ ընդհանուր հսկիչ, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասատու:
Ի վերջոյ, երախտիքի իր խաչբուռէն բաժին պիտի հանէր Ճեմարանի երբեմնի տնօրէն Ստեփան Գարամարտեանին, որ 60ական թուականներուն, տնօրէն նշանակուած եւ թուաբանութիւն դասաւանդած էր Ճեմարանէն ներս, ապա հաստատուած Միացեալ Նահանգներ: Քալիֆորնիոյ համալսարանական համակարգէն ներս կրցած էր արագօրէն պաշտօններ ստանձնել եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք իր դերը ունենալ անոր կրթական վերելքին մէջ:
Հալէպի դէմքերէն Լուտերին ալ քանի մը տող ձօնած է Պետիկեան, յայտնաբերելով, որ 61ի դէպքերուն զինք բանտարկած էին, երեք յանցանքներու համար՝ կուսակցական, այնթէպցի եւ բողոքական ըլլալուն պատճառով:
Այս եւ նման կերպարներու ձգած հետքերուն մասին հեքիաթի ծուէններ կը շրջէին Հալէպի մէջ, մանաւա՛նդ անոնց, որոնք 61ի դէպքերուն հալածուեցան, բանտարկուեցան ու մեկնեցան Պէյրութ, առաջին տերեւաթափը ընելով Հալէպի գաղութին:
Վերջապէս, յիշատակումը կ՛ըլլայ ՀՄԸՄի սկաուտապետ, առաջնորդ, ազգանուէր հայուն՝ Սուրէն Նազարեանին, որուն համար «Հալէպը իր ազգային գոյութիւնը իմաստաւորող քաղաքն էր»: Եղբայր Սուրէն Նազարեան արդարօրէն արժանացած էր ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ «Արժանեաց Շքանշան»ին:
Վերոյիշեալները ներկայացուած էին «Խոնարհ Անմահներ» կամ «Օրինակելիներ»ու բաժինով: Նուիրեալներու փաղանգ մը, գաղութին համար սխրանքներու պատրաստ հայ զինուորագրեալները:
Հալէպի առաջնորդ Շահան սրբազանը իր հիացմունքին առարկան էր, զոր կը համարէր «Հովիւ Քաջ, որուն աչքերուն մէջ ամրացած տեսիլքներ կային եւ հոգիին մէջ մխրճուած յոյզեր: Անոր բառերը լեցուն էին կրկին ապրելու կամքով, յանդուգն ու անպարտելի»:
Այս ոգեկան Ճախրանքով թեւեր առած՝ Պետիկեան հալէպահայերուս մէջ յիշատակի հիւսկէններ կազմեց, ամէնէն գողտրիկ զգացումները, որոնք մեր մանկութեան յիշատակներու արահետներէն կ՛անցնին, ըլլան անոնք Սալիպէի քարքարոտ ճամբաները, որոնք Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցին տանող միակ ճամբան էին, զոյգ Հայկազեաններու ամայի ու խորհրդաւոր փողոցները, Քարէն Եփփէ Ճեմարանն ու անոր ներքին կշռոյթը, ուր հազարաւոր աշակերտներու ապագան ձեւաւորուած էր, իբրեւ յաջող լիիրաւ հայ:
Հալէպը՝ Է՛ ու կը մնայ այն մայր գաղութը, ուր հայապահպանման համար յաւելեալ ճիգեր պէտք չեն: Այսօր, այդ անտանելի կենցաղային պայմաններուն մէջ, ազգային կառոյցները կանգուն կը պահուին, մշակութային գործունէութիւն յառաջ կը տարուի, տակաւին հայութիւնը կը տրոփէ ազգային կեանքով եւ ինչպէս Պետիկեան կ՛ըսէ՝ «Նոր Հալէպ» մը կերտելու յոյսը կը փայփայուի, Փիւնիկի մը պէս ինքնակերտումի ու վերանորոգումի հաստատ հաւատքով:
«Անունդ, Հալէպ Ինչպէս Մոռնամ» գրութեան մէջ, տեսիլքի ու պատրանքի թեւերուն յանձնուած, Հալէպին անունը կը փնտռէ «Դո՛ւն, որ ինծի համար այս աշխարհի սիրուն պարիկներէն մէկն էիր, աւա՜ղ հիմա անունդ կը փնտռեմ»: Զայն գտնելէ ետք կ՛ըսէ. «Հիմա որ վերյիշած եմ, գտած եմ երջանկութիւնս»:
«Հալէ՛պ դուն ես իմ մտքիս գլխաւոր դիցուհին եւ չաստուածը: Քեզ պաշտած ըլլալու վայելքէս, շատ յաճախ գինովցած եմ»:
«Հայրս մեզի միշտ պատմած էր, ու մենք ալ համոզուած էինք, թէ դուն հայութեան թագն ու պարծանքն ես»։
Պատի՛ւ քեզ:
Արեւելահայերէնի մէջ ըսելաձեւ մը կայ, զոր կ՛որդեգրեմ.
Շնորհակալ ենք պրն. Պետիկեան, որ Հալէպը վերակենդանացուցի՛ր, մեզ Հալէպով ոռոգեցիր ու գինովցուցիր,
Շնորհակալ ենք, որ հալէպցիին դիմանկարը արժանավայել կերպով վերստին երփնագրեցիր,
Շնորհակալ ենք, որ գրականութեանդ առանցքը Հալէպը դարձուցիր, ու մեր ինքնութիւնը վերծանեցիր:
Բի՜ւր երախտիք, Հալէպն ու հալէպահայը սեւեռող գրիչիդ ու անսպառ կորովիդ:
Շնորհակալութիւն»: