ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մայիս 19ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքէն ժամանող քանդակագործ Քարտաշ Օննիկի «Ես Եւ Մահը» («I & Death») նկարազարդ հատորին ներկայացումը։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Քարտաշ Եղեռնէն վերապրած ծնողներու զաւակ է, որ Լիբանանէն Նիւ Եորք փոխադրուած է 1958ին։ Ան քանի մը գիրքերու հեղինակ ըլլալու կողքին նաեւ քանդակագործ եւ ուսուցիչ է ու վերջին 4 տասնամեակներուն արուեստի առնչուող շարք մւ ծրագիրներ իրականացուցած է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։