ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Մայիս 9ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ, շնորհաւորելով անոր՝ Հայաստանի վարչապետ ընտրուիլը:
Ըստ Եւրոմիութեան տարածած յայտարարութեան՝ կողմերը քննած են երկկողմանի գործընկերութեան կարեւորութիւնը։ Մոկերինի նաեւ վարչապետը հրաւիրած է ամենականուխ առիթով Պրիւքսէլ այցելելու:
Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ վարչապետի ընտրութենէն ետք առնուելիք քայլերը, ներառեալ՝ կառավարութեան կազմաւորումը, եւ անդրադարձ կատարուած է Եւրոմիութեան ու Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման կարելիութիւններուն: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր հարցերը, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութիւնը, որուն խաղաղ կարգաւորումը, ինչպէս հաստատած է Մոկերինի, Եւրոմիութեան համար կը շարունակէ առաջնահերթ խնդիր մնալ: