ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Վերջերս, Իտալիոյ մէջ լոյս տեսաւ դոկտոր Նորա Արիսեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915 Սուրիացի Մտաւորականներու Մտքին Մէջ» գիրքի իտալերէն տարբերակը, որուն նպատակն է իտալական շրջանակներուն մէջ ներկայացնել սուրիական տեսակէտը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ թարգմանութիւնը կատարած է Սալենտօ համալսարանի դասախօս եւ թարգմանիչ Գեղամ Բոլոյեան: Գիրքը հրատարակած է «Radici Future» հրատարակչութիւնը:
20 Ապրիլին, Իտալիոյ Քալիարի քաղաքի մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհանդէսը: Ապրիլեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած են գիրքի շնորհանդէսներ կազմակերպել նաեւ Իտալիոյ Լեչէ, Պարի, Ֆրանքա Վիլլա Ֆոնթանա, Քալաթինա, Սան Վիթօ տիէ Նորմանի եւ Քրոմօ քաղաքներուն մէջ:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915 Սուրիացի Մտաւորականներու Մտքին Մէջ» գիրքին անդրադարձած են իտալական առաջատար թերթերը: